Միջազգային

Վրաստանի Վարչապետը Իրատեսական Կը Նկատէ  Տարածքային Ամբողջականութեան Վերականգնումը

Վրաստանի Վարչապետը Իրատեսական Կը Նկատէ Տարածքային Ամբողջականութեան Վերականգնումը

Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ վերամիաւորումը կարելի է, եթէ Վրաստանի ժողովուրդը համբերատար ըլլայ: Այս մասին «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: «(Վրաստանի) տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, կը կարծեմ, իրական է, եթէ մենք ցուցաբերենք համբերութիւն, եւ այս համբերութիւնը ղեկավարէ մեր քաղաքականութիւնը: Այս հարցի լուծումը, ի հարկէ, կախեալ պիտի ըլլայ տարբեր գործօններէ, սակայն համբերութեամբ եւ ճիշդ քաղաքականութեան...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Իրաքեան Զինեալ  Խմբաւորումներ Պատրաստ Են Զինաթափուելու

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Իրաքեան Զինեալ Խմբաւորումներ Պատրաստ Են Զինաթափուելու

Իրաքի բարձրաստիճան 10 ղեկավարներ ու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Իրաքի մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող շարք մը զինեալ խմբաւորումներ կը պատրաստուին առաջին անգամ ըլլալով զինաթափուելու` խուսափելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ վտանգաւոր մագլցումէ»: «Այս քայլը հանդարտեցնելու համար է լարուածութիւնը, որ յառաջացաւ անցեալ յունուարին Թրամփի իշխանութիւնը ստանձնելէն ի վեր ամերիկացի պաշտօնատարներու կողմէ մասնաւորաբար իրաքեան կառավարութեան ուղղուած իրերայաջորդ...

Նեթանիահու Այսօր Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ  Ընդառաջելով Թրամփի Հրաւէրին` Քննարկելու Համար  Թուրք-Իսրայէլեան Յարաբերութիւնները

Նեթանիահու Այսօր Ուաշինկթըն Կ՛այցելէ Ընդառաջելով Թրամփի Հրաւէրին` Քննարկելու Համար Թուրք-Իսրայէլեան Յարաբերութիւնները

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, որ այսօր Ուաշինկթըն պիտի ուղղուի` ընդառաջելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրին: «Երկու կողմերը պիտի քննարկեն մաքսատուրքերու խնդիրը, իսրայէլացի գերիները վերադարձնելու ջանքերը, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները, իրանեան սպառնալիքը, Միջազգային քրէական դատարանին դէմ պայքարը», նշեց գրասենեակը: «Իսրայէլի վարչապետը կը գնահատէ Թրամփի հետ անձնական ու ջերմ յարաբերութիւնները եւ անոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ հրաւէրին, համաշխարհային մաքսատուրքեր հաստատելէն ետք իր...

Խամենէի Կը Յորդորէ Բանակը Բարձր  Պատրաստուածութեան Աստիճանի Բերել

Խամենէի Կը Յորդորէ Բանակը Բարձր Պատրաստուածութեան Աստիճանի Բերել

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յորդորած է երկրի զինուած ուժերը բերել մարտական բարձր պատրաստութեան վիճակի` Թեհրանի հասցէին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններէն ետք: Այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Բացի ատկէ, Իրան նաեւ զգուշացուցած է Իրաքը, Քուէյթը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Թուրքիան եւ Պահրէյնը, որ Միացեալ Նահանգներու յարձակման որեւէ աջակցութիւն պիտի դիտարկուի իբրեւ թշնամական գործողութիւն Թեհրանի...

Վրաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ  Խորհրդարաններու Միջեւ Եռակողմ  Համագործակցութեան Մեքանիզմ Պիտի Ստեղծուի

Վրաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Խորհրդարաններու Միջեւ Եռակողմ Համագործակցութեան Մեքանիզմ Պիտի Ստեղծուի

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի խորհրդարաններուն միջեւ պիտի ստեղծուի եռակողմ համագործակցութեան մեքանիզմ: Այս մասին համաձայնութիւն գոյացած է Թաշքենտի մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշի եւ անոր վրացի պաշտօնակից Շալվա Փափուաշվիլիի հանդիպումի ժամանակ: Քուրթուլմուշ ընդգծած է այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտնած է Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը` այս հարցով միջոցառում կազմակերպելու: Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը նաեւ նշած է, որ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող...

Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Մոսկուա – Ուաշինկթըն  Երկխօսութեան Վերականգնման Հարցը

Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Մոսկուա – Ուաշինկթըն Երկխօսութեան Վերականգնման Հարցը

Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար, արտասահմանեան երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Քիրիլ Տմիթրիեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի առանցքային անդամներուն հետ քննարկած է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութեան վերականգնման հարցը: «Դուք գիտէք, իսկապէս, վերջին երկու օրերու ընթացքին ես նախագահ Փութինի անունով այստեղ` Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցած եմ Թրամփի վարչակազմի առանցքային անդամներու հետ»,...

Ֆիտան. «Իսրայէլի Հետ Սուրիոյ Մէջ  Ճակատում Չենք Ուզեր»

Ֆիտան. «Իսրայէլի Հետ Սուրիոյ Մէջ Ճակատում Չենք Ուզեր»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի հետ ճակատում չ՛ուզեր` նշելով, որ իսրայէլեան յարձակումները կ՛ականահարեն ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումն ու այլ սպառնալիքները զսպելու սուրիական նոր կառավարութեան կարողութիւնը: «Եթէ Սուրիան ուզէ Իսրայէլի հետ որոշ փոխըմբռնումներու հասնիլ, ատիկա իր գործն է», յայտնեց Ֆիտան` նշելով. «Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի արարքները ապագային շրջանային անկայունութեան ճամբան կը հարթեն»: «Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ իսրայէլացի...

Վենս. «Կրինլանտի Բնակիչները Կ՛ուզեն  Դանիայէն Անկախ Ըլլալ»

Վենս. «Կրինլանտի Բնակիչները Կ՛ուզեն Դանիայէն Անկախ Ըլլալ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի կարծիքով, Կրինլանտի ժողովուրդը կ՛ուզէ Դանիայէն անկախ ըլլալ, իսկ կղզիի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները կարելի պիտի ըլլայ քննարկել Դանիայէն հեռանալէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Ես կը կարծեմ, որ անոնք կ՛ուզեն անկախ ըլլալ Դանիայէն: Երբ անոնք ատիկա ընեն, մենք պիտի կարենանք խօսիլ, թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները», «Նիուզմաքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ...

Իսրայէլ Ռմբակոծեց Սուրիան

Իսրայէլ Ռմբակոծեց Սուրիան

11 քաղաքայիններ մահացան, երբ իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Սուրիոյ մէջ ռազմավարական դիրքերու եւ զինուորական երկու օդակայաններու վրայ յարձակումներ գործեց: Նախքան այդ, իսրայէլեան ցամաքային ուժերը առաջին անգամ ըլլալով ներթափանցեցին Տարաա քաղաքին եւ Թասիլ գիւղին միջեւ գտնուող Ժապիլիա ամբարտակի շրջան, ուր ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու բուռն բախումներ տեղի ունեցած են: Իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց մայրաքաղաք Դամասկոսի, Հոմսի եւ Համայի մէջ ռազմավարական դիրքեր: Զինուորական...

Ռուս Աւագ Բանագնացը Ուաշինկթընի Մէջ  Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Հետ  Ժողովներու Մասին Կը Յայտարարէ

Ռուս Աւագ Բանագնացը Ուաշինկթընի Մէջ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Հետ Ժողովներու Մասին Կը Յայտարարէ

Ռուս աւագ բանագնաց Քիրիլ Տիմիթրիեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի ներկայացուցիչներու հետ Ուաշինկթընի մէջ «ժողովներ» գումարուած են: Ասիկա 2022 թուականին Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը Միացեալ Նահանգներ առաջին այցելութիւնն է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախապէս յայտնած էր, թէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկրորդ ժողովի մը պատրաստութիւնները տեղի կ՛ունենան: Ան նշած...

Թրամփ Ներածման Աննախադէպ Մաքսատուրքերու  Հաստատումը Յայտարարեց Իբրեւ  Միացեալ Նահանգներու «Ազատագրման Օր»

Թրամփ Ներածման Աննախադէպ Մաքսատուրքերու Հաստատումը Յայտարարեց Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու «Ազատագրման Օր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական գործընկերներու ճնշող մեծամասնութեան վրայ առեւտրական մաքսատուրքերու հաստատումը յայտարարեց: «Եկած է ազատագրման օրը: Ասիկա ամերիկեան պատմութեան կարեւորագոյն օրերէն մէկն է, ասիկա ամերիկեան տնտեսական անկախութեան հռչակագիր է: Մենք Ամերիկան դարձեալ պիտի դարձնենք հզօր եւ հարուստ: Մեր երկիրը 50 տարիէ աւելի է, որ խեղդուած է: Ատիկա այլեւս պիտի չկրկնուի», յայտարարեց Թրամփ` աւելցնելով, որ մաքսատուրքերը ամերիկացիները...

Հակառակ Միջազգային Քրէական Դատարանի Ձերբակալման Հրամանագիրին.  Նեթանիահու Օրպանի Հրաւէրով  Հունգարիա Այցելեց

Հակառակ Միջազգային Քրէական Դատարանի Ձերբակալման Հրամանագիրին. Նեթանիահու Օրպանի Հրաւէրով Հունգարիա Այցելեց

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կնոջ` Սարայի հետ այցելեց Պուտափեշթ: Իսրայէլի վարչապետի ժամանման մասին յայտարարեց Հունգարիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիսթոֆ Շալայ Պոպրովնիցքի: «Մենք կ՛ողջունենք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն Պուտափեշթի մէջ», ըսաւ Շալա Պոպրովնիցքի: Նեթանիահու Հունգարիա այցելեց իր հունգար պաշտօնակից Վիքթոր Օրպանի հրաւէրով: Իսրայէլի վարչապետը քանի մը օր պիտի մնայ Հունգարիոյ մէջ եւ քանի մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Օրպանի հետ: «Թայմզ աֆ...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն Միջին Արեւելքի Մէջ Օդանաւակիրներու Թիւը Երկուքի Բարձրացուց

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց օդանաւակիրներուն թիւը պիտի բարձրացնեն երկուքի. ներկայիս Ծոցի ջուրերուն մէջ գտնուող օդանաւակիրին պիտի միանայ երկրորդ մը, որ ա՛յժմ կը գտնուի Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու շրջանին մէջ»: Փենթակոնի բանբեր Շան Պառնել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քարլ Վինսըն» օդանաւակիրը պիտի միանայ «Հարի Էս.Թրումըն» օդանաւակիրին` շարունակելու համար շրջանային կայունութեան ամրապնդումը, կանխարգիլելու համար որեւէ...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Կը Նախատեսուի, Որ Ռուս Պաշտօնատար Մը  Այս Շաբաթ Ուաշինկթըն Այցելէ

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Կը Նախատեսուի, Որ Ռուս Պաշտօնատար Մը Այս Շաբաթ Ուաշինկթըն Այցելէ

Կը նախատեսուի, որ ռուս պաշտօնատար մը այս շաբաթ Ուաշինկթըն այցելէ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ բանակցելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով աղբիւրի մը: Աղբիւրը յայտնած է, թէ կը նախատեսուի, որ Ռուսիոյ գերիշխանական հարստութեան սնտուկի նախագահ Քիրիլ Տմիթրիեւ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, անդրադառնալով «Ռոյթըրզ»-ի լուրին,...

Փութին Կ՛առաջարկէ Ուքրանիոյ Մէջ Ժամանակաւոր Արտաքին Կառավարութիւն Հաստատել Եւ Նոր Ընտրութիւններ Կատարել

Փութին Կ՛առաջարկէ Ուքրանիոյ Մէջ Ժամանակաւոր Արտաքին Կառավարութիւն Հաստատել Եւ Նոր Ընտրութիւններ Կատարել

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ Ռուսիոյ համար հասկնալի չէ, թէ ուքրանական կողմէն որո՛ւ հետ պէտք է որեւէ համաձայնագիր ստորագրէ, որովհետեւ «վաղը այնտեղ պիտի գան այլ ղեկավարներ»: Ան առաջարկած է քննարկել ՄԱԿ-ի եւ քանի մը երկիրներու հովանիին տակ Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր կառավարման ներդրման հարցը` այնտեղ ընտրութիւններ կատարելու համար: Այս մասին կը գրէ «Քոմերսանթ»-ը: Ըստ Փութինի, ընտրութիւններէն ետք կարելի է...

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Մէջ Անկայունութեամբ Մտահոգ Են»

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Մէջ Անկայունութեամբ Մտահոգ Են»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ անկայունութեամբ»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս նախքան այդ յայտարարեց, որ Ռուպիօ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ երեքշաբթի, 25 մարտին տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ձերբակալութիւններուն եւ բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ: Պրուս աւելցուց, որ Ռուպիօ...

Հուսիներու Վրայ Դարձեալ Ամերիկեան Յարձակումներ

Հուսիներու Վրայ Դարձեալ Ամերիկեան Յարձակումներ

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Հուսիներուն վրայ յարձակումները կը շարունակուին եւ անոնք ամբողջական կերպով յաջող էին»: «Յարձակումներ գործեցինք թիրախաւորելով հուսիական աւելի քան 100 թիրախներ, եւ նախնական գնահատականները թիրախներուն վրայ ազդու հետեւանքներ ցոյց կու տան», նշեց Սպիտակ տունը: Միացեալ Նահանգներու նախագահական նստավայրը նաեւ յայտարարեց. «Մեր հարուածներուն թիրախներն էին հուսիներու ղեկավարութիւնը, օդային պաշտպանութեան համակարգերը, ղեկավարման կեդրոնները եւ զէնքերու արտադրութեան ու պահեստաւորման կառոյցները»: «Հուսիներուն դէմ...

Թրամփ. «Կրինլանտը Պէտք Է Մերը Ըլլայ,  Եւ Կը Կարծեմ` Պիտի Ըլլայ»

Թրամփ. «Կրինլանտը Պէտք Է Մերը Ըլլայ, Եւ Կը Կարծեմ` Պիտի Ըլլայ»

Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն պէտք է ըլլայ: «Փոլիթիքօ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` Վինս Քոկլանեզի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Կրինլանտը մեզի պէտք է միջազգային անվտանգութեան համար: Անիկա մեզի պէտք է, անիկա պէտք է մերը ըլլայ: Անիկա պաշտպանական եւ յարձակողական դիրք ունեցող կղզի է եւ մեզի անհրաժեշտ եղողն է», ըսած է Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը միեւնոյն...

Անգարա Կանխակալ Կը Նկատէ Թուրքիոյ  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ  Միջազգային Դիրքորոշումը

Անգարա Կանխակալ Կը Նկատէ Թուրքիոյ Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ Միջազգային Դիրքորոշումը

Թուրքիան կանխակալ կը նկատէ Պոլսոյ նախկին քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի կալանաւորման եւ անոր հետեւած հանրային լայնածաւալ բողոքներու վերաբերեալ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է այդ երկրի արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունջը` միջազգային լրատուամիջոցներու հետ Պոլսոյ մէջ հանդիպման ժամանակ: Ան եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է իրադարձութիւնը սթափ գնահատելու: Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր դէմքի` Իմամօղլուի նկատմամբ սկսած քրէական հետապնդումը իրաւապաշտպան...

Սուրիոյ Մէջ Ապիատ Նաւահանգիստի  Եւ Լաթաքիա Քաղաքի Մերձակայքին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակումներ

Սուրիոյ Մէջ Ապիատ Նաւահանգիստի Եւ Լաթաքիա Քաղաքի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Ապիատ նաւահանգիստի եւ Լաթաքիա քաղաքի մերձակայքին վրայ շարք մը յարձակումներ գործած է: Յարձակումներու թիրախը եղած է Ապիատ նաւահանգիստի մերձակայքը եւ նահանգի Ռաս Շամրա շրջանին մէջ ծովուժի 110-րդ զօրամասը: Տեղական աղբիւրներ «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնած են, թէ իսրայէլեան օդային յարձակումները թիրախաւորած են ծովուժի ռազմակայաններ եւ Ապիատ նաւահանգիստը, ինչպէս նաեւ կեդրոնացած են զէնքի պահեստանոցներու եւ զինուորական...

Page 96 of 882 1 … 95 96 97 … 882

Արխիւներ