Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ. Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Մարտ 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը «դէպի դէմ առ դէմ հանդիպում քայլ» էր, իսկ այսօր Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ նախատեսուած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները նոյնպիսի քայլ մը պիտի ըլլան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով Քրեմլինի պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին քիչ հաւանական նկատեց Ուքրանիոյ տագնապի արագ լուծումի գոյացումը` ընդգծելով, որ բանակցութիւնները տակաւին իրենց սկիզբին են, եւ զգուշացուց, թէ անոնք պիտի ըլլան «դժուար»:

«Այս խնդիրը չափազանց բարդ է եւ շատ աշխատանք կը պահանջէ: Մենք այս երթին միայն սկիզբին ենք», նշեց Քրեմլինի բանբերը:

Փեսքով աւելցուց, որ այսօր Միացեալ Նահանգներու հետ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները «դժուար» պիտի ըլլան, եւ Մոսկուայի ուշադրութեան «գլխաւոր կեդրոնը» պիտի ըլլայ Սեւ ծովուն մէջ հացահատիկի անվտանգ փոխադրման համաձայնութեան հաւանական շարունակումը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ իր կարգին «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ կը նախատեսէ, թէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան Սէուտական Արաբիոյ մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին Սեւ ծովուն մէջ զինադադարի վերաբերեալ յառաջընթաց արձանագրեն:

«Կը կարծեմ, որ երկուշաբթի օր Սէուտական Արաբիոյ մէջ իսկական յառաջընթաց մը պիտի տեսնէք, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Սեւ ծովուն մէջ երկու երկիրներու նաւերուն վրայ կրակոցի դադրեցման: Ապա հարցերը բնականաբար պիտի ուղղուին դէպի համապարփակ զինադադարի հաստատում», յայտարարեց Ուիթքոֆ:

Ուքրանական պատուիրակութենէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր երկրին ու ամերիկացիներուն միջեւ Ռուսիոյ հետ հաւանական զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի գիշեր Ռիատի մէջ:

«Պլումպըրկ», մէջբերելով քաջածանօթ աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը նպատակ ունի մինչեւ Ս. Յարութեան տօնը  20 ապրիլ զինադադարի համաձայնութիւն կնքել, սակայն կ՛ընդունի, որ ժամանակացոյցը կրնայ փոխուիլ` հաշուի առնելով երկու կողմերու դիրքորոշումներուն մեծ տարբերութիւնը:

 

Նախորդը

Իմամօղլու Պաշտօնապէս Ձերբակալուեցաւ Եւ Ամբաստանուեցաւ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Օժանդակութեան Շարասիւնը «Մարգարա» Անցակէտէն Անցնելով Հասաւ Հալէպ

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 8, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?