Քանատայի նորընտիր վարչապետ Մարք Քառնի կիրակի օր յայտարարած է 28 ապրիլին արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու մասին: Ան ըսած է, որ իրեն ուժեղ լիազօրագիր պէտք է` յաղթահարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սպառնալիքը, որ «կ՛ուզէ կոտրել մեզ, որպէսզի Ամերիկան կարողանայ մեզ տիրել»:
Երկու վաղեմի դաշնակիցներուն եւ հիմնական առեւտրական գործընկերներուն միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են այն բանէն ետք, երբ Թրամփ մաքսատուրքեր սահմանած է Քանատայի նկատմամբ եւ սպառնացած է բռնակցել զայն իբրեւ 51-րդ նահանգ:
«Մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ ուժեղ տնտեսութիւն եւ աւելի անվտանգ Քանատա կառուցելը», ըսած է ան: