Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Քամալ Խարազի յայտնեց, որ Թեհրան Միացեալ Նահանգներու հետ իր տարակարծութիւններու լուծման դիմաց բոլոր դռները չփակեց եւ պատրաստ է Ուաշինկթընի հետ անուղղակի բանակցութիւններ վարելու` «գնահատելու համար միւս կողմը, իր պայմանները ներկայացնելու եւ պատշաճ որոշումը որդեգրելու համար»: Այս մասին հաղորդեց իրանցի ուսանողներու կիսապետական լրատու գործակալութիւնը: