Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի. «Ամերիկան Պէտք Է Իմանայ, Որ Եթէ Իրանի Հետ Խաղ Խաղայ, Ուժեղ Ու Քանդիչ Ապտակ Պիտի Ստանայ»

Մարտ 22, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Նովրուզի տօնին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց.«Իրանցի ժողովուրդը փաստեց իր դէմ դաւերու պատրաստութեան մէջ թշնամիի ձախողութիւնը»:

«Հաստատակամութիւնն ու տոկունութիւնը չարամիտ ու փտած սիոնական գոյացութեան պարտութեան պիտի առաջնորդեն», նշեց Խամենէի:

«Ամերիկան պէտք է իմանայ, որ եթէ Իրանի հետ խաղ խաղայ, ուժեղ ու քանդիչ ապտակ մը պիտի ստանայ», աւելցուց ան:

«Շրջանին մէջ գործակատարներ չունինք, եւ այդ ուժերը անկախ կերպով կը գործեն», շեշտեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

«Ամերիկացիները պէտք է իմանան, թէ  իրանցի ժողովուրդի սպառնալիքներու դիմակայումը զիրենք ոչ մէկ տեղ պիտի հասցնէ», աւելցուց Խամենէի` նշելով. «Մեզի սպառնացողները թող իմանան, որ մենք պատերազմ չենք սկսիր, սակայն ով որ փորձէ մեզի վնասել, ծանր հարուածներ պիտի ստանայ»:

«Իսլամական հանրապետութիւնը հաստատ ու վճռական կերպով կը կանգնի սիոնական այս բռնատիրութեան դիմաց, եւ կ՛աջակցի մասնաւորաբար Պաղեստինի ու Լիբանանի մէջ բոլոր անոնց, որոնք իրենց հողը կը պաշտպանեն, եւ ասիկա Իրանի տեւական վարմունքն է», ըսաւ ան:

«Սիոնական գոյացութիւնը չարամիտ ու անողորմ է, եւ ոչ իսլամներէն շատերու սիրտը կ՛արիւնի պաղեստինցի ժողովուրդին համար: Ատիկա տեսանք եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ Կազայի մէջ ոճիրներուն դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին», աւելցուց Խամենէի:

Նախորդը

Թրամփ. Ուաշինկթընն Ու Քիեւը Յառաջիկային Բնական Պաշարներու Հարցով Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրեն»

Յաջորդը

Քելլոկ. «Ռիատի Մէջ Ռուսական Եւ Ուքրանական Պատուիրակութիւնները Պիտի Տեղակայուին Յարակից Սենեակներու Մէջ»

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?