Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Քիեւին Առաջարկած Է Հիւլէական Կայանները Յանձնել Միացեալ Նահանգներու Կառավարման

Մարտ 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայք Ուոլց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի 19 մարտի զրոյցին վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով յայտնեցին, թէ երկու ղեկավարները համաձայնած են, որ երկու երկիրները շարունակեն միասին աշխատիլ` պատերազմին իսկապէս վերջ դնելու համար:

Բացի ատկէ, Թրամփ մանրամասն տեղեկացուցած է Զելենսքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած զրոյցի եւ քննարկուած առանցքային հարցերուն մասին:

«Երկու երկիրներու ղեկավարները համաձայնած են ուժանիւթային կառոյցներու հարցին մէջ զինադադարի շուրջ: Թեքնիք խումբերը մօտ օրէն պիտի հանդիպին Սէուտական Արաբիոյ մէջ` քննարկելու համար զինադադարի դրութիւնը մինչեւ Սեւ ծով երկարելու հարցը: Անոնք համաձայնած են, որ ասիկա կրնայ ըլլալ պատերազմի ամբողջական աւարտի եւ անվտանգութեան ապահովման առաջին քայլը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Թրամփ նաեւ քննարկած է Ուքրանիոյ մէջ ելեկտրականութեան մատակարարման եւ հիւլէական կայաններու հարցերը: Սպիտակ տան ղեկավարը ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան մեծ օգնութիւն ցուցաբերել այս կայաններու կառավարման գործին մէջ` ելեկտրականութեան եւ հասարակական ծառայութիւններու ոլորտին մէջ իրենց փորձառութեամբ:

«Այս կայաններու` Միացեալ Նահանգներու սեփականութիւն դառնալը լաւագոյն պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ ենթակառոյցի համար եւ աջակցութիւն Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառոյցին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Զելենսքի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին մարդասիրական հարցերով, ներառեալ պատերազմական գերիներու փոխանակման հարցով զբաղելուն համար: Ան նշած է, որ նոր յաջող փոխանակում մը տեղի ունեցած է, եւ շնորհակալութիւն յայտնած Միացեալ Նահանգներու նախագահին ցուցաբերած առաջնորդութեան համար:

Թրամփ նաեւ հետաքրքրուած է պատերազմի ժամանակ Ուքրանիոյ մէջ անհետացած երեխաներու, ներառեալ առեւանգուածներու մասին: Թրամփ խոստացած է սերտօրէն աշխատիլ երկու կողմերուն հետ` օգնելու ապահովել այս երեխաներու տունդարձը:

Անոնք համաձայնած են, որ բոլոր կողմերը պէտք է շարունակեն ջանքերը` զինադադարի հասնելու համար: Նախագահները ընդգծած են, որ ապագայ հանդիպումներու ընթացքին խումբերը կրնան համաձայնիլ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ շարժելու բոլոր անհրաժեշտ երեւոյթներուն շուրջ:

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակ. «Կազայի Հիւսիսը Ցամաքային Գործողութեան Սկսանք»

Յաջորդը

Քրեմլին. «Ռուս-Ամերիկեան Յաջորդ Բանակցութիւնները Կիրակի Օր Կամ Յառաջիկայ Շաբթուան Սկիզբը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?