Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը Ուրբաթ Օր Պիտի Այցելէ Կրինլանտ` «Ստուգելու Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Կացութիւնը»

March 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս յայտնած է, որ ուրբաթ օր պիտի այցելէ Կրինլանտ, մասնաւորաբար` գնահատելու անվտանգութեան ոլորտին մէջ կացութիւնը:

Ան նշած է, որ ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կազմող իր կնոջ` Ուշայի հետ 27-29 մարտին նախատեսուած Կրինլանտ այցելութիւնը մեծ ուշադրութիւն գրաւած է:

«Այս ուրբաթ Ուշայի Կրինլանտ կատարելիք ուղեւորութեան շուրջ այնպիսի աղմուկ բարձրացած է, որ ես որոշեցի ամբողջ զուարճանքը անոր չձգել: Այսպիսով, ես պիտի միանամ անոր», «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Վենս բացատրած է, որ մտադիր է հանդիպիլ ամերիկացի զինուորներու հետ, որոնք տեղակայուած են Կրինլանտի ռազմակայանի մը մէջ, ինչպէս նաեւ «պարզապէս ստուգել, թէ Կրինլանտի մէջ անվտանգութեան կացութիւնը ինչպէ՛ս է»:

«Ասիկա շատ կարեւոր է: Բազմաթիւ այլ երկիրներ սպառնացած են Կրինլանտին: Սպառնացած են օգտագործել անոր տարածքներն ու ծովային ուղիները` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ, ի հարկէ, Կրինլանտի ժողովուրդին համար վտանգ ստեղծելու համար: Ուրեմն մենք պիտի ստուգենք, թէ այնտեղ գործերը ինչպէ՛ս կ՛ընթանան», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Յիշեցնենք, որ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահ դառնալէ ետք յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն «ամրապնդել Կրինլանտի ժողովուրդի անվտանգութիւնը», եւ որ «Կրինլանտի բնակիչները պիտի շահին Միացեալ Նահանգներու միանալէն»:

Անցեալ տարեվերջին Թրամփ ըսած էր, որ Ուաշինկթընին անհրաժեշտ է վերահսկողութիւն հաստատել Կրինլանտի վրայ: Ի պատասխան` Կրինլանտի վարչապետ Մութէ Էկետէն ընդգծած էր, որ կղզին ծախու չէ:

2019-ին Թրամփի առաջին նախագահական նստաշրջանի ընթացքին ամերիկեան լրատուամիջոցները կը գրէին, որ ան հետաքրքրուած է Կրինլանտը ձեռք բերելու կարելիութեամբ:

Կրինլանտը ներառուած է Դանիոյ կազմին մէջ եւ ունի ինքնավարութեան լայն իրաւունքներ: Դանիոյ թագաւորութեան իշխանութիւնները մերժած են քննարկել Կրինլանտի վաճառքը` այդ գաղափարը կոչելով անհեթեթ:

Անցեալ տարեվերջէն ի վեր Թրամփի կողմէ շարունակուող յաւակնոտ յայտարարութիւններու լոյսին տան` Դանիան, որուն կազմին մէջ ներառուած է Կրինլանտը, փոխած է թագաւորական զինանշանը` անոր վրայ ընդգծելով Կրինլանտի խորհրդանիշը` սպիտակ արջը:

Նախորդը

Պոլսոյ Ժամանակաւոր Քաղաքապետի Ընտրութիւն

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Եւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Խնդրած Է

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.