Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ փոխանցման փուլի նախագահ Ահմետ Շարհին նամակ մը յղելով յայտնեց «Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը շարունակելու սուրիական ղեկավարութեան հետ գործնական գործակցութեան զարգացումը` ռուս-սուրիական երկկողմանի աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար օրակարգի վրայ գտնուող բոլոր խնդիրներու ծիրին մէջ»:
Փութին իր նամակին մէջ աջակցութիւն յայտնեց «երկրին մէջ կարելի եղածին չափ շուտ կացութեան կայունութեան համար սուրիական ղեկավարութեան ջանքերուն»: