Միջազգային

«Քանատան Եւ Միացեալ Նահանգները Մայիսին  Առեւտրական Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին»  Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

«Քանատան Եւ Միացեալ Նահանգները Մայիսին Առեւտրական Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին» Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտնեց, որ իր երկիրը մայիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական նոր համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններու պիտի սկսի` զգուշացնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շղթայազերծած առեւտրական պատերազմը սկսած է ազդել Քանատայի մէջ աշխատատեղիներուն վրայ: Քանատայի վարչապետը նշեց, որ բանակցութիւնները քանի մը շաբաթէն պիտի սկսին, եւ ինք աշխատանք կը տանի երաշխաւորելու, որ քանատական յառաջիկայ կառավարութիւնը «կարելի լաւագոյն դիրքի...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Մոսկուա Կը Նշէ Քիեւի Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններու Համար Անհրաժեշտ Պայմանները

Ռուսիան պատրաստ է քննարկելու ուքրանական տագնապի լուծման իրատեսական առաջարկները: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու երկրորդ վարչութեան տնօրէն Ալեքսէյ Փոլիշչուք: «Ռուսական կողմը դրական տրամադրուած է քննարկելու համար լուրջ եւ իրատեսական առաջարկներ, որոնք հաշուի պիտի առնեն ներկայ իրողութիւնները եւ պիտի յանգեցնեն ուքրանական ճգնաժամի արմատական պատճառներու վերացման եւ իսկապէս համապարփակ, արդար ու տեւական խաղաղութեան հասնելուն», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած...

Պաքայի. «Օմանի Մէջ Բանակցութիւններուն  Իսկական Առիթ Պիտի Տանք, Հակառակ Ամերիկայի  Թշնամական Հռետորաբանութեան»

Պաքայի. «Օմանի Մէջ Բանակցութիւններուն Իսկական Առիթ Պիտի Տանք, Հակառակ Ամերիկայի Թշնամական Հռետորաբանութեան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի յայտարարեց. «Օմանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ դիւանագիտութեան իսկական առիթ պիտի ընծայենք` բարի կամեցողութեամբ ու ամբողջական զգօնութեամբ: Ամերիկան պէտք է գնահատէ այս որոշումը, որ տրուեցաւ հակառակ անոր թշնամական հռետորաբանութեան»: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքական հարցերու խորհրդական Ալի Շամխանի իր կարգին յայտնեց. «Եթէ Ուաշինկթըն անկեղծ կերպով բանակցութիւններուն ձեռնարկէ, ապա ճամբան յստակ եւ դիւրին պիտի ըլլայ»:...

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»

Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք, Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախատեսեց բոլոր պետութիւններուն հետ մաքսատուրքերու շուրջ համաձայնութիւններու ստորագրումը, սակայն նշեց, որ Չինաստան տակաւին անոր պատրաստ չէ: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց. «Չինաստանի հետ համաձայնութիւն պիտի կնքուի, բոլոր պետութիւններուն հետ համաձայնութիւն պիտի կնքուի», սակայն նաեւ նշեց, որ չինական ղեկավարութիւնը «չի գիտեր ատիկա ինչպէս ընել»: Ինչ կը վերաբերի Իրանի թղթածրարին, Թրամփ նշեց. «Եթէ զինուորական...

Ֆիտան. «Իսրայէլի Հետ Սուրիոյ Մէջ  Ճակատում Չենք Ուզեր»

Ֆիտան. «Թուրքիան Իսրայէլի Հետ Թեքնիք Բանակցութիւններ Կը Վարէ Անհրաժեշտութեան Պարագային Սուրիոյ Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Համար»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիան Իսրայէլի հետ թեքնիք բանակցութիւններ կը վարէ անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Ֆիտան «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մինչ Սուրիոյ մէջ որոշ գործողութիւններ կը կատարենք, պէտք է մեքանիզմ մը ըլլայ խուսափելու համար տագնապէ Իսրայէլի հետ, որուն օդանաւերը այդ շրջանին մէջ թռիչք կը կատարեն: Այդ մեքանիզմը պէտք է Միացեալ Նահանգներուն ու Ռուսիոյ...

Ռուս-Ամերիկեան Գործա՞րք

Պոլսոյ Մէջ Հանդիպումին Ռուսիան Ընդգծած Է Ուաշինկթընի Հետ Ճամբու Քարտէսի Շուրջ Աշխատելու Պատրաստակամութիւնը

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու աշխատանքի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու հերթական փուլը Պոլսոյ մէջ դրական մթնոլորտի մէջ անցած է: Այս մասին յայտարարած է հանդիպման ժամանակ Մոսկուան ներկայացնող Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպան Ալեքսանտր Տարչիեւ: Կողմերը համաձայնած են հետագայ քայլերու մասին` հիւրընկալող երկրին մէջ դիւանագէտներու տեղաշարժի դրութեան դիւրացման համար: Ռուսիան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հետ ճամբու քարտէսի շուրջ աշխատելու պատրաստակամութիւնը: Պատուիրակութիւններու ղեկավարները...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգները Կը Գնահատեն Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի` Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Ուղղութեամբ Քայլերը»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգները Կը Գնահատեն Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի` Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Ուղղութեամբ Քայլերը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Նովրուզի տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ ուղարկած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: «Կը գնահատեմ Ազրպէյճանի աջակցութիւնն ու բարեկամական յարաբերութիւնները մեր գործընկեր Իսրայէլի հետ եւ կ՛ողջունեմ այն քայլերը, որ ձեր երկիրը եւ Հայաստանը կը ձեռնարկեն շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: «Կը սպասեմ միացեալ աշխատանքի, երբ մեր երկիրները արագօրէն պիտի շարժին դէպի յաջողութիւն: Ամերիկան կը մնայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան,...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին. «Ուիթքոֆ Կրնայ Օման Չճամբորդել, Եթէ Իրանցիներուն Հետ Բանակցութիւնները Ուղղակի Չըլլան»

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Համապարփակ փոխըմբռնման ու երկխօսութեան կարիք ունինք, եւ իրանցիներուն կողմէ խաբէութիւնը պիտի չընդունինք»: «Միջին Արեւելքի ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ կրնայ Օման չճամբորդել, եթէ իրանցիներուն հետ բանակցութիւնները ուղղակի չըլլան», նշած է պաշտօնատարը: «Ուիթքոֆի խումբը Օմանի ճամբով յղեց պատգամներ` յորդորելով շաբաթ օր Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարել», շեշտած է ամերիկացի պաշտօնատարը: Իրանի արտաքին գործոց...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Այսօր Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հինգշաբթի օր Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ անոր դեսպանատան կարգ մը աշխատանքներուն վերականգնման շուրջ: Այդ աշխատանքները Ուքրանիա ներխուժումէն ետք մեծապէս կրճատուեցան»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս լրագրողներուն յայտնեց. «Օրակարգի վրայ քաղաքական կամ ապահովական որեւէ հարց չկայ, եւ Ուքրանիան բացարձակապէս չէ ներառուած աշխատանքային օրակարգին վրայ: Այս բանակցութիւնները միայն մեր...

«Պատրաստ Ենք Կազայէն Պաղեստինցիներ  Ժամանակաւորապէս Հիւրընկալելու»  Կ՛ըսէ Ինտոնեզիոյ Նախագահը

«Պատրաստ Ենք Կազայէն Պաղեստինցիներ Ժամանակաւորապէս Հիւրընկալելու» Կ՛ըսէ Ինտոնեզիոյ Նախագահը

Ինտոնեզիոյ նախագահ Փրապոուօ Սուպիանթօ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Կազայի մէջ պատերազմէն վնասուած պաղեստինցիներ ժամանակաւորապէս հիւրընկալելու: Անոր կարծիքով, առաջին փուլին կարելի է հազար պաղեստինցիներ հիւրընկալել: Սուպիանթօ Միջին Արեւելքի շրջան եւ Թուրքիա իր շրջապտոյտի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցմունք տուած է պաղեստինեան եւ այլ կողմերու հետ վնասուած պաղեստինցիները Ինտոնեզիա տեղափոխելու կերպին շուրջ շտապ քննարկումներ կատարելու: «Մենք...

Ուաշինկթըն Ներկայիս Որեւէ Գոյացութիւն  Իբրեւ Սուրիոյ Կառավարութիւն Չի Ճանչնար

Ուաշինկթըն Ներկայիս Որեւէ Գոյացութիւն Իբրեւ Սուրիոյ Կառավարութիւն Չի Ճանչնար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնած է. «Սուրիոյ ներկայացուցչութեան մուտքի արտօնագիրները բարեփոխեցինք, որովհետեւ ներկայիս որեւէ գոյացութիւն իբրեւ Սուրիոյ կառավարութիւն չենք ճանչնար»: «ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ ներկայացուցչութեան արտօնութիւններուն կամ անձեռնմխելիութեան որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունեցաւ», աւելցուցած է բանբերը: «Որոշեցինք բարեփոխել ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ ներկայացուցչութեան անդամներու մուտքի արտօնագիրներու իրավիճակը», նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:  

Լաւրով 12 Ապրիլին Պիտի Այցելէ Թուրքիա.  Պիտի Քննարկուի Անդրկովկասի Մէջ Կացութիւնը

Լաւրով 12 Ապրիլին Պիտի Այցելէ Թուրքիա. Պիտի Քննարկուի Անդրկովկասի Մէջ Կացութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 12 ապրիլին պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին: Այս մասին չորեքշաբթի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «12 ապրիլին Սերկէյ Լաւրով Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրով պիտի այցելէ Թուրքիա` մասնակցելու Անթալիոյ 4-րդ դիւանագիտական ֆորումին: «Ձեռնարկի ընթացքին կը նախատեսուին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի խօսքը...

Շաբաթ Օր Օմանի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւններ

Շաբաթ Օր Օմանի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւններ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Կ՛ուզենք, որ Իսրայէլ մասնակից ըլլայ Իրանի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութեան, սակայն կը ջանանք որեւէ ճակատումէ խուսափիլ, եւ մենք Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարենք»: «Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելը մեզի համար նախընտրելի բանն է», նշեց Թրամփ: Ան յոյս յայտնեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները...

Թրամփը` Էրտողանին.  «Շնորհաւորութիւններս… Գործակատարներուդ  Ճամբով Սուրիան Առիր»

Թրամփը` Էրտողանին. «Շնորհաւորութիւններս… Գործակատարներուդ Ճամբով Սուրիան Առիր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին բացայայտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Սուրիոյ վերաբերեալ իր զրոյցը: «Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորեցի իր գործակատարներուն ճամբով Սուրիան առնելով երկու հազար տարի ուրիշներուն չկրցածը կատարելուն համար», նշեց Թրամփ` աւելցնելով, որ Էրտողան ըսած է, թէ Սուրիան չէ առած, ուստի ինք պատասխանած է. «Շատ լաւ, այդ...

Քրեմլին. «Ռուս-Ամերիկեան Յաջորդ  Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան  10 Ապրիլին Պոլսոյ Մէջ»

Քրեմլին. «Ռուս-Ամերիկեան Յաջորդ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան 10 Ապրիլին Պոլսոյ Մէջ»

Յաջորդ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները պիտի ըլլան արտաքին գործոց նախարարութիւններու գծով. անոնք տեղի պիտի ունենան 10 ապրիլին Պոլսոյ մէջ: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Ան խորհուրդ տուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն մանրամասնութիւններ սպասել: Փեսքով աւելցուցած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը զգալի ջանքեր կը գործադրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար: Նշենք, որ նախորդ բանակցութիւնները տեղի...

Սահեր. «Իսրայէլ Պիտի Շարունակէ Ամրապնդել  Ազրպէյճանի Հետ Ռազմավարական Յարաբերութիւնները»

Սահեր. «Իսրայէլ Պիտի Շարունակէ Ամրապնդել Ազրպէյճանի Հետ Ռազմավարական Յարաբերութիւնները»

Իսրայէլ պիտի շարունակէ ամրապնդել Ազրպէյճանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտիոն Սահեր` մեկնաբանելով Ապու Տապիի մէջ խորհրդաժողովի ժամանակ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումը: «Հիանալի հանդիպում ընկերոջս` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, այս անգամ Ապու Տապիի մէջ ՄԻՏ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, ուր քննարկեցինք նիւթերու լայն շրջանակ: Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կ՛ընդլայնուին...

Արաղչի. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Օմանեան  Միջնորդութեան Ճամբով Անուղղակի  Բանակցութիւններու. Գնդակը Այժմ Անոր Դաշտն Է»

Արաղչի. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Օմանեան Միջնորդութեան Ճամբով Անուղղակի Բանակցութիւններու. Գնդակը Այժմ Անոր Դաշտն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Մենք բազմիցս կրկնուած յստակ պատճառներով Միացեալ Նահանգներու հետ ուղղակի բանակցութեան սկզբունքը չենք ընդունիր, սակայն ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեցինք Օմանի միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւններ վարելու»: «Գնդակը այժմ Ամերիկայի դաշտն է, եւ մենք մեր առաջարկին անոր պատասխանին կը սպասենք, ընդգծելով, որ աճապարուած չենք», ըսաւ Արաղչի: Ինչ կը վերաբերի լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող իրանցի հաւանական բանագնացներու անուններուն, իրանեան դիւանագիտութեան...

Զօր. Պաղերի. «Իրան Ամբողջովին Պատրաստ Է  Իր Ամբողջ Ուժով Պատասխանելու Որեւէ Սպառնալիքի»

Զօր. Պաղերի. «Իրան Ամբողջովին Պատրաստ Է Իր Ամբողջ Ուժով Պատասխանելու Որեւէ Սպառնալիքի»

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաղերի յայտարարած է, որ երկիրը ամբողջովին պատրաստ է իր ամբողջ ուժով պատասխանելու որեւէ սպառնալիքի: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: «Իրան կը ձգտի շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման: Մեր բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան զսպման, արդիւնաւէտ պաշտպանութեան, կայուն անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան», ընդգծած է ան: Պաղերի նշած է, որ Իրան...

Մաքրոն. «Մենք Որեւէ Ժողովուրդի  Տեղահանման Դէմ Կը Կանգնինք»

Մաքրոն. «Մենք Որեւէ Ժողովուրդի Տեղահանման Դէմ Կը Կանգնինք»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ Գահիրէի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք որեւէ ժողովուրդի տեղահանման դէմ կը կանգնինք, կը մերժենք Կազայի ու Այսրյորդանանի կցումը եւ կը վերահաստատենք Կազայի վերաշինութեան ծրագիրին մեր զօրակցութիւնը»: Ան դատապարտեց «Կազայի վրայ իսրայէլեան շարունակուող օդային հարուածները»` կոչ ուղղելով զինադադար հաստատելու եւ գերիները ազատ արձակելու: «Համասը ապագային Կազայի կառավարման մէջ որեւէ...

«Ուաշինկթըն-Քիեւ Բանակցութիւններու  Նոր Փուլ Տեղի Պիտի Ունենայ»  Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Փոխվարչապետը

«Ուաշինկթըն-Քիեւ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ Տեղի Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Փոխվարչապետը

Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հանքային հարստութիւններու վերաբերեալ նոր համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Ուքրանիոյ փոխվարչապետ եւ տնտեսութեան նախարար Եուլիա Սվիրիտենքօ: Անոր համաձայն, Քիեւը կը ծրագրէ յառաջիկայ օրերուն բանակցողներու խումբ ուղարկել Ուաշինկթըն: Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան տնտեսութեան, արտաքին գործոց, արդարադատութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ:  

Page 95 of 882 1 … 94 95 96 … 882

Արխիւներ