Իսրայէլ պիտի շարունակէ ամրապնդել Ազրպէյճանի հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտիոն Սահեր` մեկնաբանելով Ապու Տապիի մէջ խորհրդաժողովի ժամանակ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումը:
«Հիանալի հանդիպում ընկերոջս` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, այս անգամ Ապու Տապիի մէջ ՄԻՏ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, ուր քննարկեցինք նիւթերու լայն շրջանակ: Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կ՛ընդլայնուին եւ կը ներառեն ռազմավարական, դիւանագիտական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ այլ հարթութիւններ: Մենք պիտի շարունակենք զանոնք ամրապնդել», գրած է իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:


