Վատիկան. «Նոր Պապի Ընտրութեան Կարտինալներու Փակ Ժողովը Պիտի Սկսի 7 Մայիսին»
Վատիկան երէկ յայտարարեց, որ նոր պապի ընտրութեան կարտինալներու փակ ժողովը պիտի սկսի 7 մայիսին: Կարտինալները պէտք է ոչ աւելի քան 80 տարեկան ըլլան պապի ընտրութեան քուէարկելու համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 252 կարտինալներէն միայն 135-ը իրաւասու են քուէարկելու: Նոր պապը կ՛ընտրուի քուէարկելու իրաւասու կարտինալներու երկու երրորդին քուէներով: Նախքան այդ, «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը հաղորդեց, որ Վատիկանի Սիքսթին մատուռը այցելուներու դիմաց փակուած...




















