Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի յայտարարեց. «Օմանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ դիւանագիտութեան իսկական առիթ պիտի ընծայենք` բարի կամեցողութեամբ ու ամբողջական զգօնութեամբ: Ամերիկան պէտք է գնահատէ այս որոշումը, որ տրուեցաւ հակառակ անոր թշնամական հռետորաբանութեան»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքական հարցերու խորհրդական Ալի Շամխանի իր կարգին յայտնեց. «Եթէ Ուաշինկթըն անկեղծ կերպով բանակցութիւններուն ձեռնարկէ, ապա ճամբան յստակ եւ դիւրին պիտի ըլլայ»:
«Թեհրան կը ձգտի Ուաշինկթընի հետ իսկական ու արդար համաձայնութեան, եւ գործադրելի առաջարկներ կան», շեշտեց Շամխանի:


