Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի յայտնեց, որ իր երկիրը մայիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական նոր համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններու պիտի սկսի` զգուշացնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շղթայազերծած առեւտրական պատերազմը սկսած է ազդել Քանատայի մէջ աշխատատեղիներուն վրայ:
Քանատայի վարչապետը նշեց, որ բանակցութիւնները քանի մը շաբաթէն պիտի սկսին, եւ ինք աշխատանք կը տանի երաշխաւորելու, որ քանատական յառաջիկայ կառավարութիւնը «կարելի լաւագոյն դիրքի վրայ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ, որոնք, ինչպէս ես եւ նախագահը (Թրամփը, «Ա.») համաձայնեցանք, պիտի սկսին մայիսի սկիզբը»:
Քառնի զգուշացուց, որ առեւտրական տագնապը կը յանգեցնէ «ելեւմտական կացութեան վատթարացման եւ համաշխարհային տնտեսութեան դանդաղեցման նախնական նշաններու», ինչ որ ժխտական ազդեցութիւն ունի «Քանատայի մէջ աշխատատեղիներու շուկային վրայ»: