Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Հինգշաբթի օր Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ անոր դեսպանատան կարգ մը աշխատանքներուն վերականգնման շուրջ: Այդ աշխատանքները Ուքրանիա ներխուժումէն ետք մեծապէս կրճատուեցան»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս լրագրողներուն յայտնեց. «Օրակարգի վրայ քաղաքական կամ ապահովական որեւէ հարց չկայ, եւ Ուքրանիան բացարձակապէս չէ ներառուած աշխատանքային օրակարգին վրայ: Այս բանակցութիւնները միայն մեր դեսպանատուներու աշխատանքներուն վրայ կը կեդրոնանան»:


