Յաջորդ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները պիտի ըլլան արտաքին գործոց նախարարութիւններու գծով. անոնք տեղի պիտի ունենան 10 ապրիլին Պոլսոյ մէջ: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Ան խորհուրդ տուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն մանրամասնութիւններ սպասել:
Փեսքով աւելցուցած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը զգալի ջանքեր կը գործադրեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար:
Նշենք, որ նախորդ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ:


