Ռուսիան պատրաստ է քննարկելու ուքրանական տագնապի լուծման իրատեսական առաջարկները: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու երկրորդ վարչութեան տնօրէն Ալեքսէյ Փոլիշչուք:
«Ռուսական կողմը դրական տրամադրուած է քննարկելու համար լուրջ եւ իրատեսական առաջարկներ, որոնք հաշուի պիտի առնեն ներկայ իրողութիւնները եւ պիտի յանգեցնեն ուքրանական ճգնաժամի արմատական պատճառներու վերացման եւ իսկապէս համապարփակ, արդար ու տեւական խաղաղութեան հասնելուն», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է ան` պատասխանելով տագնապի կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու պայմաններուն:
Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Քիեւ ցոյց կու տայ բանակցութիւններու համար պատրաստակամութեան պակաս: Փոլիշչուք յիշեցուցած է, որ ուքրանական կողմն էր, որ ապրիլ 2022-ին դադրեցուցած է Ռուսիոյ հետ ուղիղ հաղորդակցութիւնները, իսկ նոյն տարուան սեպտեմբերին սահմանած է Ռուսիոյ ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններու պաշտօնական արգելքը, որ կը մնայ ուժի մէջ:


