Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հանքային հարստութիւններու վերաբերեալ նոր համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Ուքրանիոյ փոխվարչապետ եւ տնտեսութեան նախարար Եուլիա Սվիրիտենքօ:
Անոր համաձայն, Քիեւը կը ծրագրէ յառաջիկայ օրերուն բանակցողներու խումբ ուղարկել Ուաշինկթըն: Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան տնտեսութեան, արտաքին գործոց, արդարադատութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ:


