Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին ընթացքին բացայայտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Սուրիոյ վերաբերեալ իր զրոյցը:
«Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորեցի իր գործակատարներուն ճամբով Սուրիան առնելով երկու հազար տարի ուրիշներուն չկրցածը կատարելուն համար», նշեց Թրամփ` աւելցնելով, որ Էրտողան ըսած է, թէ Սուրիան չէ առած, ուստի ինք պատասխանած է. «Շատ լաւ, այդ մէկը ընդունելու պէտք չունիս», իսկ Էրտողան ըսած է. «Շատ լաւ, թերեւս ես էի, որ զայն առի»:
«Էրտողանը դաժան եւ չափազանց խելացի անձ է, եւ իրագործեց բան մը, որ նախապէս ոչ ոք կրցաւ իրագործել, եւ պէտք է անոր յաղթանակը ընդունիլ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ապա խօսքը Նեթանիահուին ուղղելով ըսաւ, որ կրնայ Թուրքիոյ հետ որեւէ խնդիր լուծել, այնքան ատեն որ պահանջները տրամաբանական են` աւելցնելով. «Բոլորս պէտք է ողջամիտ ըլլանք: Ես շատ, շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ Թուրքիոյ եւ անոր ղեկավարին հետ, եւ կը կարծեմ, որ մենք կրնանք լուծել այս խնդիրը»:
Նեթանիահու յայտնեց, որ Թրամփի հետ քննարկած է սուրիական թղթածրարը` նշելով. «Իսրայէլ չ՛ուզեր Թուրքիոյ կողմէ սուրիական հողերու իբրեւ իրեն դէմ ռազմակայան օգտագործումը տեսնել»` աւելցնելով. «Խօսեցանք այդ ճակատումէն խուսափելու կարելիութիւններուն մասին»: Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնած է Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ խնդիրը լուծելու:


