Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան ներկայացուցած է Ազրպէյճան իր կատարած այցելութենէն ստացած տպաւորութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:
Իրանի նախագահը «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած է. «Երէկ Պաքուի մէջ մենք իմ սիրելի եղբօր` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համաձայնութիւններ ձեռք բերինք եւ փաստաթուղթեր ստորագրեցինք:
«Այս ճամբորդութիւնը վստահութեան ամրապնդման եւ գիտական, տնտեսական, մշակութային եւ պաշտպանական համապարփակ համագործակցութեան նոր հորիզոններ բանալու նախերգանք է»:


