Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Ռուսիան Տակաւին Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է, Սակայն Գնդակը Մեր Դաշտը Չէ»

April 29, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Ռուսիան տակաւին Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններուն նկատմամբ դրական տրամադրուած է, սակայն գնդակը Մոսկուայի դաշտը չէ»` աւելցնելով. «Քիեւը տակաւին բանակցելու իր կարողութիւնը չապացուցեց: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել ուքրանական զինեալ ուժերու հիւլէական կառոյցներու դէմ հարուածները 30 օրով դադրեցումը (18 մարտէն 17 ապրիլ) կամ Զատկուան 30 ժամուան զինադադարը (19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-էն 21 ապրիլի կէս գիշերուան ժամը 12:00) յարգելու անկարողութիւնը»: Ան այս մասին յայտնեց պրազիլական «Օ Կլոպօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Քիեւն էր, որ ապրիլ 2022-ին դուրս եկաւ բանակցային հոլովոյթէն: Եւ ատիկա ըրաւ արեւմտեան համակարգողներու խնդրանքով: Ապա այդ տարուան սեպտեմբերին Վոլոտիմիր Զելենսքին օրէնսդրական արգելք հաստատեց Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու համար: Անիկա տակաւին ուժի մէջ է: Բանակցութիւնները վերսկսելու համար արգելքը պէտք է վերցուի», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Զելենսքին վերջերս ամերիկեան «Սի.Պի.Էս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին բանակցութիւններուն դէմ արտայայտուեցաւ, եւ յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ եւ անոր հետ բանակցութիւններուն կարելի չէ վստահիլ:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուքրանական կարգաւորման վերաբերեալ հաղորդակցութիւններուն` Լաւրով ըսաւ. «Ըստ Մոսկուայի տպաւորութեան, ամերիկացի զրուցակիցները սկսան աւելի լաւ հասկնալ Ուքրանիոյ շուրջ կացութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշումը»:

 

Նախորդը

Վատիկան. «Նոր Պապի Ընտրութեան Կարտինալներու Փակ Ժողովը Պիտի Սկսի 7 Մայիսին»

Յաջորդը

Թուրքիան Պատրաստ Է Փութին-Թրամփ Հանդիպումը Հիւրընկալելու, Եթէ Կողմերը Համաձայն Ըլլան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.