Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները պիտի զարգացնէ ոչ ի վնաս իր գործընկերներուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Բոլորը մօտ օրէն պիտի տեսնեն, որ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները փոխադարձ հետաքրքրութիւն ունին կառուցողական երկխօսութեան նկատմամբ:
«Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կը շարունակեն տարբեր ոլորտներու մէջ հաղորդակցութիւնները, կողմերը կը փորձեն հասնիլ շահերու հաւասարակշռութեան», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը: