Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը երէկ յայտարարած է, թէ Անգարան պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հաւանական հանդիպում մը հիւրընկալելու, եթէ կողմերը համաձայն ըլլան: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ի արաբական ծառայութիւնը:
Աղբիւրը «Սփութնիք»-ին յայտնած է. «Կը կարծեմ, որ կարելի է այդպիսի ժողով մը դասաւորել, եթէ կողմերը պատրաստ եւ համաձայն ըլլան: Թուրքիան իրապէս ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններ հիւրընկալելու փորձառութիւն ունի»:


