Հունգարիոյ խորհրդարանը հաստատած է Միջազգային քրէական դատարանէն դուրս գալու որոշումը:
«Այս որոշումով մենք կը հրաժարինք ըլլալ քաղաքականացած հաստատութեան մաս, որ կորսնցուցած է անաչառութիւնն ու հեղինակութիւնը», «Էքս»-ի վրայ գրած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիյարթօ:
Հունգարիոյ կառավարութիւնը որոշումին մասին յայտարարած էր այս ամսուան սկիզբը, երբ Պուտափեշտ հասած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, որուն ձերբակալելու հրաման տուած է Միջազգային քրէական դատարանը:
Պուտափեշտը այդ դատարանին անդամ ըլլալով, պարտաւոր էր կատարել դատարանի որոշումը եւ կալանաւորել Նեթանիահուն: Սակայն, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան անձամբ վստահեցուցած էր, որ Իսրայէլի վարչապետը իր երկրին մէջ պիտի չձերբակալուի: