Միջազգային

Թուրքիա Պատուիրակութիւն Պիտի Ուղարկէ  Խրիմ` Թաթարներու  Վիճակին Ծանօթանալու Համար

Թուրքիա Պատուիրակութիւն Պիտի Ուղարկէ Խրիմ` Թաթարներու Վիճակին Ծանօթանալու Համար

Մեւլութ Չաւուշօղլու ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը նախատեսէ Խրիմ ոչ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը ուղարկել` տեղեկանալու Խրիմի թաթարներու վիճակին մասին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Քիշնեւի մէջ Մոլտովայի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ ոչ պաշտօնական պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գործարարներ: «Ցաւօք, Խրիմի կառավարութիւնը չէ երկարաձգած թաթարական պատկերասփիւռի կայանի...

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը  Փաքիստանի Հետ Սահմանին Վրայ  Կը Վնասազերծէ Ահաբեկչական Բջիջ Մը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Փաքիստանի Հետ Սահմանին Վրայ Կը Վնասազերծէ Ահաբեկչական Բջիջ Մը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ Փաքիստանի հետ սահմանակից Սիստան եւ Պալուչիստան շրջաններուն մէջ վնասազերծած է ահաբեկչական բջիջ մը: Պահակագունդը նշեց, որ բջիջը կապ ունէր օտար գաղտնի սպասարկութեան մը հետ` աւելցնելով, որ գործողութեան ընթացքին վնասազերծուած են ահաբեկչական բջիջին բոլոր անդամները եւ գրաւուած մեծ քանակութեամբ զէնքեր եւ հաղորդակցութեան սարքեր: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ նախքան գործողութիւնը շղթայազերծելը, անցնող օրերուն ընթացքին բջիջի շարժումներուն...

Պաղտատ Եւ Էրպիլ Մուսուլի Ազատագրութեան Համար  Զինուորական Միացեալ Յանձնախումբի  Կազմութեան Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Պաղտատ Եւ Էրպիլ Մուսուլի Ազատագրութեան Համար Զինուորական Միացեալ Յանձնախումբի Կազմութեան Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի հետ Նինուէ նահանգի ազատագրութեան շուրջ փոխըմբռնումներ եւ համաձայնութիւններ գոյացուցած է: Ան նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացուցած է Մուսուլի վերատիրացման համար Էրպիլի մէջ զինուորական միացեալ յանձնախումբի մը կազմութեան շուրջ: Ապատի Պարզանիի հետ Էրպիլի մէջ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Թիքրիթի մէջ իրագործուած է մաքուր յաղթանակ մը»` աւելցնելով,...

«Վտանգը, Որ Ծոցի Երկիրներուն Կը Սպառնայ,  Անոնց Երիտասարդներուն Զայրոյթն Է»  Ըսաւ Օպաամա

«Վտանգը, Որ Ծոցի Երկիրներուն Կը Սպառնայ, Անոնց Երիտասարդներուն Զայրոյթն Է» Ըսաւ Օպաամա

Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ծոցի արաբական երկիրներուն սպառնացող վտանգը Իրանի կողմէ յարձակումի ենթարկուիլը չէ, այլ` իրենց քաղաքացիներուն զայրոյթը, ներառեալ` անգործ եւ բարկացած երիտասարդներուն զայրոյթը, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ գտնուող քաղաքական անելի զգացումը: Օպամա ըսաւ, որ իր երկիրը զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելուն կողքին պէտք է հարց տայ, թէ ինչպէ՛ս...

Թուրքիոյ Մէջ Լրտեսութեան Յանցանքով Ձերբակալուած Են 34 Զինուորականներ

Թուրքիոյ Մէջ Լրտեսութեան Յանցանքով Ձերբակալուած Են 34 Զինուորականներ

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը 34 զինուորականներու ձերբակալման հրամանագիր տուած է: Վերջիններս կը մեղադրուին լրտեսութեան, ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութեան մասնակցելու եւ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու փորձելու համար: Համապատասխան որոշումը տրուած է այսպէս կոչուած «զուգահեռ կառոյցի», «Սելիամ թաուհիտ» ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութեան հետաքննութեան ընթացքին»: Ձերբակալուածները կը կարծուին «Սելիամ թաուհիտ» կազմակերպութեան անդամներ ըլլալ եւ մասնակից ըլլալ «որոշակի շրջանակներու» գործունէութեան, շրջանակներ, որոնց նպատակը «Թուրքիոյ...

Թուրքիոյ Մէջ 4 Օրաթերթերու Կը Մեղադրեն Ահաբեկչութեան Քարոզչութիւն Կատարելու Համար

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան Ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութեան վարչութիւնը թրքական «Հիւրրիյէթ», «Ճումհուրիյէթ», «Փոսթա» եւ «Պուկիւն» օրաթերթերուն դէմ հետաքննութեան սկսած է` ահաբեկչական խմբաւորումներու քարոզչութիւնը կատարելու վերաբերեալ: Պոլսոյ արդարադատութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած յարձակումին վերաբերեալ նշեալ թերթերը քարոզչական նիւթեր տարածած են` հրապարակելով դատախազ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազը պատանդ բռնելու լուսանկարները: Գործողութեան ընթացքին սպաննուած դատախազ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազի յուղարկաւորութիւնը...

«Լոզանի Փաստաթուղթին Մէջ Եղող  Լուծումներու Շարքը Պիտի Ըլլայ  Վերջնական Փաստաթուղթին Հիմը»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Լոզանի Փաստաթուղթին Մէջ Եղող Լուծումներու Շարքը Պիտի Ըլլայ Վերջնական Փաստաթուղթին Հիմը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Լոզանի փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած լուծումներու շարքը հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց վերջնական փաստաթուղթին հիմը պիտի կազմէ: Ան Լոզանէն իր վերադարձին Թեհրանի օդակայանին մէջ լրագրողներուն ըսաւ, որ որոշուած է այդ լուծումները մինչեւ յուլիս ամբողջացնել, իսկ վերջնական փաստաթուղթը այդ լուծումներուն վրայ պիտի հիմնուի: Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Միացեալ...

Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ  «Ընդհանուր Գիծեր»-ու  Շուրջ Համաձայնութիւն

Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ «Ընդհանուր Գիծեր»-ու Շուրջ Համաձայնութիւն

Մոկերինի եւ Զարիֆ Լոզանի մէջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ 8 օր տեւողութեամբ բանակցութիւններէ ետք, երէկ կողմերը յաջողեցան Իրանի հիւլէական ծրագիրին ապագայ կերպարանքին առնչութեամբ ընդհանուր գիծերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Կը նախատեսուի, որ համապարփակ համաձայնութիւնը ստորագրուի 30 յունիսին: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Իրանի իւրանիոմի «հարստացման կարողութիւնն ու պահեստները պիտի սահմանափակուին»: Ան ըսաւ, որ «վճռական քայլ» մը...

Իրաքի Վարչապետն Ու Իրանի Նախագահի  Յատուկ Պատուիրակը Եմէնի Մէջ Յարձակումի  Դադրեցման Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

Իրաքի Վարչապետն Ու Իրանի Նախագահի Յատուկ Պատուիրակը Եմէնի Մէջ Յարձակումի Դադրեցման Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

Հայտար Ապատի Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի եւ Իրանի նախագահի յատուկ պատուիրակ Մուրթատա Սարմատի շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է կասեցնել Եմէնի դէմ զինուորական յարձակումները եւ այդ երկրին ներքին տագնապը լուծել Եմէնի բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ երկխօսութեան մը միջոցով: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սարմատի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ Եմէնի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն շուրջ նամակ մը փոխանցեց Իրաքի վարչապետին: Նամակին մէջ կը շեշտուէր Եմէնի...

«Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ  Միասնական Դրամանիշի  Սահմանումը Այսօրուան Հարց Չէ»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Միասնական Դրամանիշի Սահմանումը Այսօրուան Հարց Չէ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Ալեքսանտր Լուքաշենքօ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ միասնական դրամանիշի սահմանումը այսօրուան հարց չէ: «Այդ դրամանշային միութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գործէ կամ արդեօք դրամանշային միութիւն պիտի ըլլա՞յ: Ասիկա այն հարցն է, որ օրակարգի վերջին կէտը պէտք է ըլլայ, եւ ոչ թէ` առաջինը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ատիկա...

Թիֆլիսի Մէջ.  Թուրքիոյ, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Պաշտպանութեան Նախարարներու Դռնփակ Հանդիպում

Թիֆլիսի Մէջ. Թուրքիոյ, Վրաստանի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներու Դռնփակ Հանդիպում

Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով վրացական «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները երէկ Թիֆլիսի «Թպիլիսի Մարիոթ» պանդոկին մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած են: Կողմերը քննարկած են շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան խորացման հարցերը: «Մեր համագործակցութիւնը նպատակաուղղուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մեր...

Քալիֆորնիա Առաջին Անգամ Ըլլալով  Օրէնսդրօրէն Կը Սահմանափակէ Ջուրի Սպառումը

Քալիֆորնիա Առաջին Անգամ Ըլլալով Օրէնսդրօրէն Կը Սահմանափակէ Ջուրի Սպառումը

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ին, կը հաղորդէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն 1 ապրիլին հրամանագիր մը ստորագրած է նահանգին մէջ ջուրի օգտագործումը մէկ քառորդով կրճատելու մասին: Ասիկա առաջին նման դէպքն է նահանգի պատմութեան մէջ: Նոր պահանջները կը վերաբերին թէ՛ անհատներուն, թէ՛ ալ ընկերութիւններուն, սակայն ագարակներու համար բացառութիւն պիտի կատարուի: Պրաուն, մասնաւորաբար, պահանջած է նահանգի սահմաններուն մէջ 4,6 միլիոն քառակուսի...

Պոլսոյ Մէջ Հակաահաբեկչական  Գործողութիւն

Պոլսոյ Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութիւն

Պոլսոյ ոստիկանութեան հակաահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը երէկ կանուխ առաւօտուն շղթայազերծեց արշաւ մը` միատեղ խուզարկելով բազմաթիւ հասցէներ եւ ձերբակալելով բազմաթիւ անհատներ, որոնք կը կարծուին կապեր ունենալ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատին հետ: Արշաւը շղթայազերծուեցաւ արգիլեալ շարժումի զինեալներուն կողմէ երեքշաբթի օր դատախազ մը Պոլսոյ դատարանին մէջ գտնուող իր գրասենեակին մէջ պատանդ բռնելու եւ շարժումի անդամ զինեալ կնկայ մը`...

Իրանեան Կործանիչ Մը Քիչ Մնացած Էր,  Որ Բախում Ունենար Ամերիկեան  Բանակի Ուղղաթիռի Մը Հետ

Իրանեան Կործանիչ Մը Քիչ Մնացած Էր, Որ Բախում Ունենար Ամերիկեան Բանակի Ուղղաթիռի Մը Հետ

«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Արաբական ծոցին մէջ տեղի ունեցած է միջադէպ մը, որ կրնար լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Իրանեան «Ե-12» տիպի կործանիչ մը քիչ մնացած էր, որ բախում ունենար ամերիկեան բանակի «Էմ.Էյչ.-60Առ Սի Հոք» տիպի ուղղաթիռի մը հետ: Իրանեան կործանիչը երկու անգամ մօտեցած է ամերիկեան ուղղաթիռին, եւ անոնց միջեւ հեռաւորութիւնը 40 մեթրէն նուազ եղած է: Միջադէպը մտահոգած է Միացեալ Նահանգներու...

Ապտելլահեան. «Օդային  Յաւելեալ Հարուածներու  Ճամբով Շրջանի Հասարակաց Ապահովութեան  Վտանգումը Չենք Կրնար Արտօնել»

Ապտելլահեան. «Օդային Յաւելեալ Հարուածներու Ճամբով Շրջանի Հասարակաց Ապահովութեան Վտանգումը Չենք Կրնար Արտօնել»

Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հուսիներուն կոչ ուղղեց` Եմէնի մէջ նահանջելու եւ իրենց վերահսկողութեան տակ առած շրջանները լքելու` վստահեցնելով. «Եգիպտոս յանձնառու է Ծոցի ապահովութեան պահպանման համար անոնց (հուսիներուն, «Ա.») դէմ կազմուած դաշնակցութեան»: Սիսի եգիպտական ոստիկանութեան ու բանակի սպաներուն առջեւ իր արտասանած պատկերասփռուած ճառին մէջ նշեց, որ «Եմէնը, անոր կայունութիւնն ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը հուսիներուն վիզին են», եւ խօսքը...

Պոլսոյ Մէջ Զինեալ Միջադէպեր

Պոլսոյ Մէջ Զինեալ Միջադէպեր

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զինեալ մը, որ ներխուժած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ Քարթալ շրջանին մէջ գտնուող կեդրոնատեղին: Զինեալը շէնք ներխուժելէ ետք բոլոր ներկաներուն հրամայած է հեռանալ 7 յարկանի շէնքէն եւ բարձրացած 7-րդ յարկը, ուր փշրած է շարք մը պատուհաններ եւ կախած թրքական դրօշ մը, որուն վրայ սուրի պատկեր կար: Ապա շէնքին...

«ՔԱԿ Կրնայ Վերջ Տալ Զինեալ Պայքարին,  Եթէ Թուրքիոյ  Կառավարութիւնը Որոշ Քայլեր Առնէ»  Ըսաւ Պայըք

«ՔԱԿ Կրնայ Վերջ Տալ Զինեալ Պայքարին, Եթէ Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Որոշ Քայլեր Առնէ» Ըսաւ Պայըք

Ճեմալ Պայըք «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկը յայտնած է, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է քրտական հարցի քաղաքական լուծումը հետապնդելու եւ իր զինեալ պայքարին վերջ տալու համար կը սպասէ Թուրքիոյ կառավարութեան «շօշափելի քայլերուն»: ՔԱԿ-ի մէկ թեւը նկատուող Քրտական համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք «Տենկէ Թի.Վի.»-ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Եթէ Թուրքիա իր...

Պաղեստին Պաշտօնապէս Անդամ`  Միջազգային Քրէական Դատարանին

Պաղեստին Պաշտօնապէս Անդամ` Միջազգային Քրէական Դատարանին

Պաղեստին երէկ պաշտօնապէս դարձաւ Միջազգային քրէական դատարանի անդամ, ինչ որ կ՛արտօնէ, որ պաղեստինցիներուն դէմ պատերազմական ոճիրներ գործելնուն համար դատական հետապնդման ենթարկէ իսրայէլացի պաշտօնատարները: Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած դռնփակ նիստի մը ընթացքին Պաղեստինի անդամակցութեան որդեգրումը յաւելեալ քայլ մըն է Պաղեստինեան իշխանութեան 2014-էն ի վեր ձեռնարկած դիւանագիտական եւ դատական արշաւին մէջ: Պաղեստինի անդամակցութեան պաշտօնապէս որդեգրումէն ետք դատարանին...

Թուրքիոյ Մէջ Պետական Յեղաշրջման  «Լախտ» Գործով 236 Ամբաստանեալ  Ազատ Արձակուած Է

Թուրքիոյ Մէջ Պետական Յեղաշրջման «Լախտ» Գործով 236 Ամբաստանեալ Ազատ Արձակուած Է

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ դատարանը արդարացուցած է 236 անձեր, որոնք «Լախտ» անունով ծանօթ պետական յեղաշրջման գործին մէջ ամբաստանուած էին: Անոնք հիմնականին մէջ սպաներ են, որոնք բանտարկուած էին երկար ժամկէտներով, ներառեալ` ցկեանս: Անոնք կը մեղադրուէին 2003-ին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տապալելու դաւադրութիւն նախապատրաստելու համար: Անցեալ տարուան յունիսին արդէն յայտնի դարձած էր, որ այս գործով ամբաստանեալները ազատ պիտի արձակուին:  

«Պատերազմասէր Չենք, Սակայն  Պատերազմին Պատրաստ Ենք»  Կը Յայտարարէ Սէուտ Ֆայսալ

«Պատերազմասէր Չենք, Սակայն Պատերազմին Պատրաստ Ենք» Կը Յայտարարէ Սէուտ Ֆայսալ

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Ռիատի մէջ շուրայի խորհուրդի շաբաթական նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Պատերազմասէր չենք, սակայն պատերազմին պատրաստ ենք»` նշելով, որ հուսիները եւ Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ Իրանի աջակցութեամբ Եմէնի մէջ խառնակութիւն կը ստեղծեն, իսկ «Վճռորոշ փոթորիկ»-ը պիտի շարունակուի` Եմէնի մէջ պաշտպանելու համար օրինականութիւնը: «Թագաւորութեան ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը...

Page 866 of 881 1 … 865 866 867 … 881

Արխիւներ