Միջազգային

Իրաքեան Ուժերը Թիքրիթը  Ամբողջական Կերպով Ազատագրեցին

Իրաքեան Ուժերը Թիքրիթը Ամբողջական Կերպով Ազատագրեցին

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ յայտարարեց, որ Թիքրիթ քաղաքը ամբողջական կերպով ազատագրուած է եւ իրաքեան դրօշը բարձրացուած է Սալահէտտին նահանգի նահանգապետարանի շէնքին վրայ: Պատըր միլիսի բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ Ժողովրդային զօրախմբումի ուժերը մասնակցած են յարձակումին, հակառակ անոր որ շիիական այդ ուժերուն մասնակից կարգ մը միլիսներ անցեալ շաբաթ իրենց դէմ կատարուած ամերիկեան օդային հարուածի մը իբրեւ պատասխան դադրեցուցած էին մարտերուն...

Պոլսոյ Մէջ Զինեալներ  Պատանդ Բռնած Են Դատախազ Մը

Պոլսոյ Մէջ Զինեալներ Պատանդ Բռնած Են Դատախազ Մը

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ծայրայեղ ձախակողմեան Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատ խմբաւորման անդամ զինեալներ ներխուժած են Պոլսոյ Չաղլայան դատարանը եւ պատանդ բռնած Մեհմեթ Սելիմ Քիրազը: Անոնք աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած են պատանդին լուսանկարը` գլխուն ատրճանակ մը դրուած: Դատախազը կը քննէր Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզի բողոքի ցոյցերուն ընթացքին վիրաւորուած ալեւի պատանի Պերքին Էլվանի սպանութեան գործը: 14 տարեկան Էլվին վիրաւորուած էր...

«Թեհրան Այցելութեան  Հարցով Փոփոխութիւն Չկայ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թեհրան Այցելութեան Հարցով Փոփոխութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հերքեց, թէ հակառակ իրանեան խորհրդարանէն հնչած` Թեհրան նախատեսուած իր այցելութիւնը ջնջելու կոչին, այցելութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած: Այդ կոչերը հնչած էին Էրտողանի կողմէ Եմէնի մէջ Իրանի «միջամտութեան» նկատմամբ քննադատութենէն ետք: Էրտողան Սլովենիա մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնած է. «Իրանէն երկու տարբեր ձայներ հնչեցին: Առաջինը, խորհրդարանի մէկ յանձնախումբը, փոխնախագահ մը (խօսեցաւ)... Սակայն անոնք զրուցակիցներս...

«Վճռակամութեան Փոթորիկ»-ը Եմէնցի  Ժողովուրդն Ու Օրինական  Կառավարութիւնը Պաշտպանելու Համար Է»  Կ՛ըսէ Դեսպան Ժուպէյր

«Վճռակամութեան Փոթորիկ»-ը Եմէնցի Ժողովուրդն Ու Օրինական Կառավարութիւնը Պաշտպանելու Համար Է» Կ՛ըսէ Դեսպան Ժուպէյր

Ահմետ Ժուպէյր Մինչ արաբական դաշնակից երկիրներու կործանիչներ երէկ շարունակեցին Եմէնի մէջ տարբեր վայրեր ռմբակոծել, Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ահմետ Ժուպէյր յայտնեց. «Վճռակամութեան փոթորիկ» արշաւը Եմէնի ժողովուրդը եւ անոր օրինական կառավարութիւնը Իրանի եւ Հըզպալլայի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումէ մը պաշտպանելու համար է»: Սէուտցի դիւանագէտը նշեց. «Սէուտական Արաբիան իրանեան կողմէն շարք մը յարձակումներ դիմագրաւեց, սակայն մեր կողմէ Իրանի դէմ որեւէ յարձակում...

«Անատոլու» Լրատու Գործակալութիւնը  Քննադատելու Համար 58 Անձերու  Նկատմամբ Դատական Հետաքննութիւն

«Անատոլու» Լրատու Գործակալութիւնը Քննադատելու Համար 58 Անձերու Նկատմամբ Դատական Հետաքննութիւն

Սայ, Տիւնտար եւ Օրան Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը քննադատելնուն համար 58 հանրածանօթ անձնաւորութիւններու դէմ ընթացք առած է դատական հետաքննութիւն մը: Անոնց շարքին են ականաւոր լրագրողներ, ներառեալ` «Ճումհուրիյէթ»-ի խմբագրապետ Ճան Տիւնտար, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի յօդուածագիր Մելիս Ալֆան եւ «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Էմրէ Ուսլու: Դատական հայցը ներկայացուած է «Անատոլու»-ի նախկին ընդհանուր...

Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական  Կուսակցութիւնը Օպաման Աւելի  Վտանգաւոր Կը Նկատէ, Քան Փութինը

Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական Կուսակցութիւնը Օպաման Աւելի Վտանգաւոր Կը Նկատէ, Քան Փութինը

Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան մէկ երրորդը կը հաւատայ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իրենց երկրին համար կը ներկայացնէ անմիջական վտանգ մը, որ աւելի մեծ է, քան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայացուցած վտանգները: Այս ամիս համացանցի ճամբով «Ռոյթըրզ-Իփսոս»-ի կազմակերպած հարցախոյզին մասնակցած են 2809 ամերիկացիներ, որոնք գնահատած են երկիրներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ցանկը` ըստ...

Ասատ Էրտողանը Մեղադրած Է 21-րդ Դարու  Նոր Սուլթանը Դառնալու Ցանկութեան Համար

Ասատ Էրտողանը Մեղադրած Է 21-րդ Դարու Նոր Սուլթանը Դառնալու Ցանկութեան Համար

Նախագահ Պաշշար Ասատ Թրքական «Հապեր 7» կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մեղադրած է Իսլամ եղբայրներ շարժումին երկրպագուն ըլլալու համար: «Ան կը կարծէ, որ 21-րդ դարու` նոր ժամանակաշրջանի սուլթան կրնայ դառնալ», ըսած է Ասատ: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ եթէ Էրտողան ուզէր, պիտի կասեցնէր ահաբեկիչներու մուտքը Թուրքիոյ սահմանէն: «Սուրիա մուտք...

Ռուսիա Եւ Թուրքիա Ազատ Առեւտուրի Գօտիի  Ստեղծման Վերաբերեալ  Նախնական Հանդիպումներ Կ՛ունենան

Ռուսիա Եւ Թուրքիա Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Վերաբերեալ Նախնական Հանդիպումներ Կ՛ունենան

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարի տեղակալ Անտան Եըլտըրըմ յոյս ունի, որ այս տարուան ընթացքին որոշուին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի սահմանները: «Մենք այժմ կը քննարկենք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման հարցը, ատիկա տակաւին չունի յստակ ձեւաչափ, տակաւին ընթացքի մէջ են նախնական հանդիպումները: Սակայն մենք յոյս ունինք, որ այս տարուան ընթացքին կրնանք հասնիլ...

Յունաստան Մտադիր Է Օգնութիւն  Խնդրել Ռուսիայէն

Յունաստան Մտադիր Է Օգնութիւն Խնդրել Ռուսիայէն

«Քոմսոմոլսքայա փրաւտա» կը հաղորդէ, որ յոյն քաղաքական գործիչներ կը պատրաստուին մեկնելու Ռուսիա: Արեւմուտքցի լրագրողները վստահ են, որ Աթէնք մտադիր է տնտեսական օգնութիւն խնդրել Մոսկուայէն: Նախ եւ առաջ` նուազեցնել կազին գինը, եւ երկրորդ` ջնջել յունական ապրանքներուն դէմ հաստատուած ռուսական արգելքը: «Մենք կը փափաքինք խորացնել մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ ուժանիւթի մարզին մէջ եւ յոյս ունինք ատկէ մեծ օգուտ ստանալ», ըսած է Յունաստանի...

Արաբական Միացեալ Ուժի  Ստեղծման Շուրջ Համաձայնութիւն.  Արաբական Վեհաժողովը Կը Զօրակցի  Եմէնի Մէջ Արաբական Երկիրներու  Զինուորական Գործողութեան

Արաբական Միացեալ Ուժի Ստեղծման Շուրջ Համաձայնութիւն. Արաբական Վեհաժողովը Կը Զօրակցի Եմէնի Մէջ Արաբական Երկիրներու Զինուորական Գործողութեան

Շարմ Շէյխի մէջ երէկ վերջ գտաւ Արաբական 26-րդ վեհաժողովը, որ հաստատեց Եմէնի մէջ արաբական երկիրներու զինուորական գործողութեան շարունակութիւնը, համաձայնութիւն գոյացուց արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ, ինչպէս նաեւ հուսի զինեալներուն կոչ ուղղեց` իշխանութեան տիրելու ջանքերը դադրեցնելով իրենց զէնքերը յանձնելու: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի վեհաժողովի աւարտին ըսաւ, որ արաբներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները հրամայական կը դարձնեն զանոնք դիմակայելու համար «վճռական միջոցառումներու որդեգրումը,...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Իր Մօտ Կը Կանչէ Թուրքիոյ  Դեսպանատան Գործավարը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Մօտ Կը Կանչէ Թուրքիոյ Դեսպանատան Գործավարը

Ալաէտտին Պորուժերտի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր մօտ կանչած է Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գործավարը` բողոքելու համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Իրանի հասցէին կատարած յայտարարութեան դէմ: Նախարարութիւնը թուրք գործավարին փոխանցած է իր դժգոհութիւնը Իրանի մասին Էրտողանի կատարած «անպատշաճ ու անվայել» յայտարարութեան նկատմամբ: Միւս կողմէ, «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի ազգային...

Էրտողան Եւ Օպամա Խօսած Են Սուրիոյ,  Իրաքի, Եմէնի, Ուքրանիոյ Եւ Իրանի Մասին

Էրտողան Եւ Օպամա Խօսած Են Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Ուքրանիոյ Եւ Իրանի Մասին

Օպամա եւ Էրտողան Թրքական «Հապեր 3» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահական աղբիւրներ յայտնած են, որ հինգշաբթի օր Անգարայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ 60 վայրկեան տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Պարաք Օպամա խօսած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հեռանկարներուն մասին: Օպամա Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնած է...

Ռումանիա Ապրիլէն Սկսեալ  Կրնայ Հրաժարիլ Ռուսական Կազէն

Ռումանիա Ապրիլէն Սկսեալ Կրնայ Հրաժարիլ Ռուսական Կազէն

«ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը` յղում կատարելով ռումանական «Էքոնոմիքա» պարբերականին, կը հաղորդէ, որ Ռումանիա ապրիլէն կրնայ հրաժարիլ Ռուսիայէն կազ ներածումէն: Թերթին կարծիքով, ռուսական կազի ներմուծումէն հրաժարիլը կարելի դարձած է արդիւնաբերութեան առումով յատուկ պահանջարկը նուազեցնելու եւ ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան մարզին մէջ ներդրումներու շնորհիւ: «Ռումանիան վերջին տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կրցած է հրաժարիլ բնական կազի ներածումէն: Ապրիլ 2015-ին, ինչպէս նաեւ յաջորդող քանի մը ամիսներուն...

Խըրխըզիստան Մինչեւ 9 Մայիս  Պիտի Դառնայ Եւրասիական  Տնտեսական Միութեան Անդամ

Խըրխըզիստան Մինչեւ 9 Մայիս Պիտի Դառնայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Խըրխըզիստանի վարչապետ Ջոոմարթ Օթորպայեւի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի իշխանութիւնները յոյս կը յայտնեն, որ մինչեւ 9 մայիս այդ երկիրը պիտի դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ: Օթորպայեւ այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ դաշնակցային մաքսային միութեան ղեկավար, առեւտրական-տնտեսական, գիտական-թեքնիքական եւ մարդասիրական համագործակցութեան ռուս-խըրխըզական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ Անտրէյ Պելիանինովի հետ հանդիպումէն ետք: «Մեր առաջադրանքն է, որ մինչեւ 9...

Ասատ. «Դրականօրէն Կ՛ընկալեմ  Ամերիկայի Հետ  Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ  Հիմնուած Երկխօսութիւն Մը»

Ասատ. «Դրականօրէն Կ՛ընկալեմ Ամերիկայի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Երկխօսութիւն Մը»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ վաղը սփռուելիք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ինք դրականօրէն կ՛ընկալէ Միացեալ Նահանգներու հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւն մը` նշելով. «Այդպիսի երկխօսութիւն մը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի վրայ»: Ան ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ կրնանք ըսել, որ ամէն երկխօսութիւն սկզբունքով դրական է»:

Էրտողան Կը Յայտնէ, Որ Միջին  Արեւելքին Տիրելու Իրանի  Ջանքերը Չի Կրնար Հանդուրժել

Էրտողան Կը Յայտնէ, Որ Միջին Արեւելքին Տիրելու Իրանի Ջանքերը Չի Կրնար Հանդուրժել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր Իրանը ամբաստանեց Միջին Արեւելքին տիրել փորձելու յանցանքով եւ ըսաւ, որ անոր այդ ուղղութեամբ թափած ջանքերը սկսած են բարկացնել Անգարան, Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի արաբական երկիրները: «Իրան կը փորձէ շրջանին տիրել: Կարելի՞ է այդ մէկը արտօնել: Ասիկա սկսած է բարկացնել մեզ, Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի երկիրները: Ասիկա իսկապէս անհանդուրժելի է եւ Իրան այդ մէկը...

Երկար Ընդմիջումէ Ետք`  ՔԱԿ-Թրքական Բանակ Բախում

Երկար Ընդմիջումէ Ետք` ՔԱԿ-Թրքական Բանակ Բախում

Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ երկար ընդմիջումէ ետք առաջին անգամ ըլլալով` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները յարձակում գործած են Կորճայքի շրջանին մէջ գտնուող Տաղըճա գիւղին մօտ տեղակայուած թրքական զօրքի կեդրոնին վրայ: Միջադէպը տեղի ունեցած է չորեքշաբթի առաւօտեան: Թրքական բանակը հակադարձած է: Աւելի ուշ քրտական կողմը դարձեալ կրակ բացած է: Թուրք զինուորները դարձեալ հակադարձած են: Վերջին տարիներուն քրտական հարցի լուծման...

Արաբական Երկիրներ Եմէնի Մէջ  Զինուորական Գործողութեան Ձեռնարկեցին

Արաբական Երկիրներ Եմէնի Մէջ Զինուորական Գործողութեան Ձեռնարկեցին

Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, Պահրէյն եւ Քաթար միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ որոշած են «Եմէնը պաշտպանելու» համար գործի լծուիլ: Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «Վճռակամութեան փոթորիկ» գործողութեան մասնակից երկիրները կ՛ընդառաջեն Եմէնի նախագահ Ապետրապօ Մանսուր Հատիի կոչին` «Եմէնը պաշտպանելու եմէնեան բանակէն եւ Անսարուլլահէն (հուսիներէն, «Ա.»)», որոնք ըստ հաղորդագրութեան, գործիք են ձեռքերուն մէջ արտաքին ուժերու, որոնք անդադար Եմէնի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը...

Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ  Համաձայնութիւնը Գրեթէ Վճռուած Է

Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ Համաձայնութիւնը Գրեթէ Վճռուած Է

Արեւմտեան աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ «Իրանի եւ անոր հիւլէական թղթածրարին առնչակից վեց պետութեանց միջեւ քաղաքական համաձայնութեան մը շրջագիծին շուրջ համաձայնութեան մը հասնելու առիթները շատ բարձր են»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգը ամէն գնով համաձայնութիւն մը կ՛ուզէ եւ եւրոպացիները կը մղէ զայն ամսուան աւարտէն առաջ ստորագրել աճապարելու» նշած են աղբիւրները` աւելցնելով. «Համաձայնութիւնը գրեթէ վճռուած է. միակ տարակարծութիւնը Թեհրանի...

«Էրպաս-320» Մը Ջախջախուեցաւ  Ալպիան Լեռներուն Վրայ

«Էրպաս-320» Մը Ջախջախուեցաւ Ալպիան Լեռներուն Վրայ

Գերմանական «Ճըրմընուինկզ» ընկերութեան պատկանող «Էրպաս-320» տիպի ճամբորդատար օդանաւ մը երէկ ջախջախուեցաւ Ալպիան լեռներու ֆրանսական հատուածին մէջ` Պարսելոնեթի եւ Տիյնի միջեւ վայրի մը մէջ: 144 ճամբորդներ եւ անձնակազմի 6 անդամ փոխադրող օդանաւը թռիչք կը կատարէր Պարսելոնայէն Տիւսելտորֆ: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ «արկածի պայմանները, որոնք տակաւին յստակ չեն, մեզ կը մղեն մտածելու, որ վերապրողներ չկան»` աւելցնելով, որ արկածը ողբերգութիւն մըն...

Page 867 of 881 1 … 866 867 868 … 881

Արխիւներ