Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատերազմասէր Չենք, Սակայն Պատերազմին Պատրաստ Ենք» Կը Յայտարարէ Սէուտ Ֆայսալ

Ապրիլ 1, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէուտ Ֆայսալ իշխանը
Սէուտ Ֆայսալ իշխանը

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Ռիատի մէջ շուրայի խորհուրդի շաբաթական նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Պատերազմասէր չենք, սակայն պատերազմին պատրաստ ենք»` նշելով, որ հուսիները եւ Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ Իրանի աջակցութեամբ Եմէնի մէջ խառնակութիւն կը ստեղծեն, իսկ «Վճռորոշ փոթորիկ»-ը պիտի շարունակուի` Եմէնի մէջ պաշտպանելու համար օրինականութիւնը:

«Թագաւորութեան ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը զօրավիգ կը կանգնին արաբական ու միջազգային խիղճը արթնցնելու իւրաքանչիւր ջանքի` վերջ տալու համար Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աղէտին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիական տագնապին լուծումը հիմնուած է «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան սկզբունքին եւ գետնի վրայ զինուորական հաւասարակշռութեան ստեղծման վրայ` ստիպելու համար, որ Դամասկոսի ջարդարարը խաղաղ լուծումը ընդունի»:

Ֆայսալ իշխանը խօսելով Իրաքի մասին յայտնեց. «Երբ կը խօսինք Պաղտատի մասին, խօսած կ՛ըլլանք արաբականութեան վիրաւոր մայրաքաղաքին մասին, որ մեծ տառապանքներու ենթարկուեցաւ իր խումբ մը զաւակներուն կողմէ, որոնք արտաքին կողմերէ վճարուած են»: Ան ողջունեց իրաքեան նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ վերջինիս` Իրաքը ազգայնական հիմերու վրայ ու բոլոր իրաքցիներուն մասնակցութեամբ վերակառուցելու վճռակամութիւնը:

«Երբ իրանեան յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ, սպասեցինք, որ մեր հարցերուն լուծման օգնէ, սակայն անակնկալի եկանք տեսնելով յեղափոխութիւնը արտածելու եւ շրջանի երկիրներուն մէջ բացայայտ միջամտութեան քաղաքականութիւնը: Մենք Իրանը ո՛չ կը դատապարտենք, ո՛չ ալ կ՛արդարացնենք, սակայն անոր մտադրութիւնները կը փորձենք, որպէսզի ձեռք երկարենք անոր` զայն նկատելով դրացի իսլամական երկիր մը եւ նոր էջ բանանք: Անիկա (Իրան, «Ա.») պարտաւոր է շրջանին մէջ ապահովութիւն ու խաղաղութիւն հաստատող մշակոյթ կառուցել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իրան պէտք է գիտակցի, որ իսլամական միասնականութեան կոչը գոյութիւն ունեցաւ յարատեւելու համար, եւ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ան այս ուղղուածութեան մասնակից դառնայ` այսպէս կոչուած յեղափոխութեան արտածման փոխարէն»:

«Թագաւորութեան արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է յստակ սկզբունքներու վրայ, որոնց ամէնէն կարեւորներն են իսլամական օրինականութեան սկզբունքը եւ արաբական ու իսլամական դատերու պաշտպանութիւնը: Թագաւորութիւնը նախանձախնդիր է Ծոցի, արաբական, իսլամական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ հաւաքական աշխատանքին», նշեց Ֆայսալ իշխանը:

Նշենք, որ Անգարայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Մրտատ երէկ Թուրքիոյ մէջ գտնուող իր երկրին քաղաքացիները զգուշացուց իրենց ազգային տարազով հրապարակ դուրս գալէ, որպէսզի Սէուտական Արաբիոյ աջակցող Թուրքիոյ կեցուածքին ընդդիմացող կողմերու յարձակումներուն թիրախ չդառնան:

Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի երէկ նշեց, որ «անիրաւուած եմէնցի ժողովուրդին դէմ յարձակումը ուժի ցուցանիշ չէ, այլ տկարութեան նշաններէն մէկը»` շեշտելով. «Եմէնի դէմ այս յարձակումը պէտք է դադրի, որպէսզի շրջանին մէջ արձագանգներ չունենայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիյա Աֆխամ հերքեց այն լուրերը, թէ Իրան զէնքեր ուղարկած է Եմէն եւ այդ լուրերը յերիւրածոյ եւ սուտ նկատեց: Ան նշեց, որ այդպիսի պնդումներ կատարելով կարելի չէ Եմէնի դէմ յարձակումը արդարացնել:

Իրանեան ծովուժի հրամանատար ծովակալ Հապիպուլլահ Սիարի հերքեց այն լուրը, թէ եգիպտական ծովուժը զգուշացուցած է Իրանը, թէ պէտք է հեռանայ Ատենի ծոցէն: «Իրանեան ծովուժի ուժերը կը շարունակեն շրջանին մէջ փոխադրութեան ուղիները պահպանելու իրենց առաքելութիւնը` դէմ դնելով ծովահէնութեան», ըսաւ Սիարի` ընդգծելով, որ իր ուժերը պիտի չընդունին «անտեղի զգուշացում մը, որ կողմէն ալ որ ատիկա գայ»: Ծովակալը նշեց, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այդ տեղեկութիւնը պարզապէս սուտ լուր է:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Միջին Արեւելքի մէջ սպառնալիքները դիմակայելու համար միացեալ ուժեր ստեղծելու արաբական երկիրներու ծրագիրներուն: «Եթէ անոնք կը փափաքին այդ ուղղութեամբ աւելին ընել, այս պարագային` պայմանաւորուած Եմէնի մէջ տիրող կացութեամբ, ապա ատիկա լաւ է, որովհետեւ ատիկա իրենց շրջանն է», ըսաւ Քարթըր:

Ըստ անոր, Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան ապահովման նպատակով կողմերու պատրաստակամութիւնը դրական է: Պատասխանելով այդ հարցին մէջ համագործակցելու Միացեալ Նահանգներու մտադրութեան մասին հարցումին` Քարթըր նշեց, որ բազմաթիւ պետութիւններ արդէն երկկողմանի համաձայնագիր ունին Միացեալ Նահանգներու հետ: «Անոնք անվտանգութեան ապահովման առումով մեր գործընկերներն են», յիշեցուցած է ան:

Մինչ այդ, մինչ Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Եասին Եմէնի մէջ արաբական ցամաքային ուժերու կողմէ ամէնէն մօտ ժամկէտին միջամտութիւն մը պահանջեց, Իրաքի խորհրդարանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի անդամ Մուաֆաք Ռապիհի ըսաւ, որ գոյութիւն ունի Եմէնի մէջ տագնապը ոչ զինուորական միջոցներով լուծելու իրաքեան նախաձեռնութիւն մը, որ հիմնուած է երեք կէտերու վրայ. երկինքի եւ ցամաքի վրայ զինադադարի հաստատում, գետնի վրայ բոլորին միջեւ ազգային իսկական հաշտութիւն գոյացնել` առ ի պատրաստութիւն ՄԱԿ-ի հսկողութեամբ խորհրդարանական ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան իր կարգին յայտնեց, որ Իրան եմէնեան տագնապը լուծելու առաջարկ մը ունի եւ ատոր շուրջ համագործակցելու համար կը փորձէ հաղորդակցութեան մէջ մտնել Սէուտական Արաբիոյ հետ: «Մենք Եմէնի դէմ սէուտական զինուորական յարձակումը ռազմավարական սխալ մը կը նկատենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ յարձակումը ամբողջ Միջին Արեւելքը վտանգի կ՛ենթարկէ:

 

Նախորդը

Իրաքեան Ուժերը Թիքրիթը Ամբողջական Կերպով Ազատագրեցին

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր Լրջօրէն Կը Հետապնդէ Համեմներու Թղթածրարը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?