
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով վրացական «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները երէկ Թիֆլիսի «Թպիլիսի Մարիոթ» պանդոկին մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած են:
Կողմերը քննարկած են շրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան խորացման հարցերը:
«Մեր համագործակցութիւնը նպատակաուղղուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մեր երկրի զինեալ ուժերու կարելիութիւններու զարգացման: Մեր համագործակցութիւնը ուղղուած չէ որեւէ կողմի դէմ», հանդիպումէն ետք յայտարարած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Մինտիա Ճանելածէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ իր կարգին նշած է. «Եռակողմ հանդիպման ձեւաչափը լաւ մեքանիզմ է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, բարօրութեան եւ կայունութեան պահպանման համար»:


