
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ «Պլումպըրկ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ միասնական դրամանիշի սահմանումը այսօրուան հարց չէ:
«Այդ դրամանշային միութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գործէ կամ արդեօք դրամանշային միութիւն պիտի ըլլա՞յ: Ասիկա այն հարցն է, որ օրակարգի վերջին կէտը պէտք է ըլլայ, եւ ոչ թէ` առաջինը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ատիկա այսօրուան հարց չէ»:
Ըստ Լուքաշենքոյի, «ատիկա վերջին փաստաթուղթն է, որ կրնայ ըլլալ մեր միութեան մէջ»: «Տակաւին այնքան շատ են Եւրասիական տնտեսական միութեան խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, որ հարց է, թէ պիտի ապրի՞նք մինչեւ այդ միասնական դրամանիշը», ըսած է ան:
Լուքաշենքօ նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը երբեք Ռուսիոյ մաս պիտի չդառնայ, եւ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը երբեք այդպիսի հարց չէ առաջադրած: «Մենք գերիշխան, անկախ պետութիւն եղած ենք եւ ենք: Եւ այդպէս ալ պիտի մնանք», ըսած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:


