ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ դատարանը արդարացուցած է 236 անձեր, որոնք «Լախտ» անունով ծանօթ պետական յեղաշրջման գործին մէջ ամբաստանուած էին:
Անոնք հիմնականին մէջ սպաներ են, որոնք բանտարկուած էին երկար ժամկէտներով, ներառեալ` ցկեանս: Անոնք կը մեղադրուէին 2003-ին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տապալելու դաւադրութիւն նախապատրաստելու համար:
Անցեալ տարուան յունիսին արդէն յայտնի դարձած էր, որ այս գործով ամբաստանեալները ազատ պիտի արձակուին: