Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լոզանի Փաստաթուղթին Մէջ Եղող Լուծումներու Շարքը Պիտի Ըլլայ Վերջնական Փաստաթուղթին Հիմը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

April 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ
Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Լոզանի փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած լուծումներու շարքը հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց վերջնական փաստաթուղթին հիմը պիտի կազմէ:

Ան Լոզանէն իր վերադարձին Թեհրանի օդակայանին մէջ լրագրողներուն ըսաւ, որ որոշուած է այդ լուծումները մինչեւ յուլիս ամբողջացնել, իսկ վերջնական փաստաթուղթը այդ լուծումներուն վրայ պիտի հիմնուի:

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ գոյացնել «վերջնական պարտադիր լուծում մը, որ կ՛առաջնորդէ շրջանին ու աշխարհին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման»:

Օպամա իր կարգին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ նախանձախնդիր է` վստահեցնելով, որ իր երկիրը ամբողջական կերպով յանձնառու է Սէուտական Արաբիոյ ինքնապաշտպանութեան կարելիութիւններու ամրապնդման:

Օպամա Արաբական ծոցի երկիրներուն ղեկավարները հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներ` անվտանգութեան մարզին մէջ համագործակցութեան հարցերը քննարկելու համար: «Ես Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի, Օմանի, Քաթարի եւ Պահրէյնի ղեկավարները այս գարնան հրաւիրած եմ Միացեալ Նահանգներ` անվտանգութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման հարցերը քննարկելու համար, լուծելու համար բազմազան տագնապներ, որոնք այդքան դժուարութիւններ եւ անկայունութիւն յառաջացուցած են Միջին Արեւելքի մէջ», նշած է Օպամա:

Յիշեցնենք, որ Օպամա Իրանի հետ համաձայնութիւնը «պատմական փոխըմբռնում» նկատեց` նշելով, որ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները պիտի վերցուին, սակայն աստիճանաբար: Կատարուածը «լաւ գործարք» անուանելով հանդերձ` ան ընդգծեց, որ այս համաձայնութիւնը հիմնուած է «ոչ թէ փոխադարձ վստահութեան, այլ` ստուգողականութեան վրայ»` նկատի ունենալով, որ միջազգային ընտանիքը պիտի վերահսկէ Իրանի հիւլէական ծրագիրը: «Եթէ Իրան խորամանկութիւն կատարէ, աշխարհը պիտի իմանայ», ըսած էր Օպամա:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իրանի հետ Լոզանի մէջ համաձայնութիւններու հիման վրայ վերջնական համաձայնութիւնը «սպառնալիք պիտի ըլլայ Իսրայէլի գոյատեւման»: Օպամա նշած է, որ այդ գործարքը յառաջընթաց է դէպի ամուր համաձայնութիւն, որ «պիտի կտրէ դէպի հիւլէական ռումբ տանող ճամբան»:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Կարելի Չէ Ճշմարտութիւնը Գերեզմանել

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
Անդրադառնալով Իրանի Վրայ  Յարձակումի Կարելիութեան`  Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են,  Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»
Միջազգային

Անդրադառնալով Իրանի Վրայ Յարձակումի Կարելիութեան` Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են, Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.