Թուրքիոյ Մարտինի Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Աղօթած Են Ցեղասպանութեան Զոհերուն Համար
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Մարտին նահանգի Տերիքի շրջանի հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ 24 ապրիլին յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Քրտական «Տիճլեհապեր» կայքի համաձայն, Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի 2 հայ ընտանիքներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակման արարողութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աղօթած ու մոմ վառած են: Տերիքի հայ բնակիչներէն Զեքերիա Սապունճու պատմած է, որ 13...




















