Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Վարչապետն Ու Իրանի Նախագահի Յատուկ Պատուիրակը Եմէնի Մէջ Յարձակումի Դադրեցման Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

April 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայտար Ապատի
Հայտար Ապատի

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի եւ Իրանի նախագահի յատուկ պատուիրակ Մուրթատա Սարմատի շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է կասեցնել Եմէնի դէմ զինուորական յարձակումները եւ այդ երկրին ներքին տագնապը լուծել Եմէնի բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ երկխօսութեան մը միջոցով:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սարմատի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ Եմէնի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն շուրջ նամակ մը փոխանցեց Իրաքի վարչապետին: Նամակին մէջ կը շեշտուէր Եմէնի մէջ զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին բաղադրիչ քաղաքական կողմերուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Նամակին մէջ Իրաքի եւ միջազգային կազմակերպութեանց կոչ կ՛ուղղուի ջանք թափելու` վերջ տալու համար այդ յարձակումին եւ մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւններ ուղարկելու Եմէն:

Իրանի նախագահի յատուկ պատուիրակը շնորհաւորեց Իրաքի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ իրաքցի ժողովուրդին արձանագրած վերջին յաղթանակներուն առիթով եւ նշեց, որ այդ յաղթանակները ճամբայ կը հարթեն իրաքեան բոլոր հողամասերը ամբողջական կերպով ազատագրելու ահաբեկիչներէն:

Իրաքի վարչապետը իր կարգին վերահաստատեց Եմէնի դէմ արտաքին որեւէ յարձակումի ընդդիմացող իր երկրին ընդդիմութիւնը` նշելով, որ յարձակումը հարցերը կը բարդացնէ եւ շրջանային ու միջազգային վտանգները կ՛աճեցնէ, մասնաւորաբար ծայրայեղականութիւնն ու ահաբեկչութիւնը տարածելով:

Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է ջանք թափել Եմէնի դէմ յարձակումները անմիջապէս դադրեցնելու եւ այդ երկրին ներքին հարցերը լուծելու եմէնեան բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութեան ճամբով:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ չորեքշաբթի գիշերուան ժամը շուրջ 10:00-ին, մինչ սէուտական սահմանապահ ուժերը Ասիր շրջանին մէջ սահմանի հսկողութեան Հոսն կեդրոնին մէջ իրենց պարտականութիւնը կը կատարէին, Եմէնի սահմաններուն մէջ գտնուող լեռնային շրջանէ մը կրակոցներու ենթարկուած են եւ ստիպուած եղած հակադարձել, ինչպէս նաեւ ցամաքային ուժերու օգտագործումով կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնել: Հրացանաձգութեան պատճառով սէուտական բանակէն սպայ մը սպաննուած է եւ 10 զինուորներ վիրաւորուած:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սէուտական բանակը Հաժժէ շրջանին մօտ գտնուող սահմանային ցանկապատը կազմաքանդած է, ինչ որ կրնայ ցամաքային գործողութեան նախաքայլ մը ըլլալ: Եմէնեան բանակը դրուած է պատրաստ վիճակի մէջ:

Նախորդը

«Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Միասնական Դրամանիշի Սահմանումը Այսօրուան Հարց Չէ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Յաջորդը

Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ «Ընդհանուր Գիծեր»-ու Շուրջ Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ  Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները  Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

January 16, 2026
Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն  Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին  Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

January 16, 2026
Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ  Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ  Զինուորական Ներկայութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.