
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հուսիներուն կոչ ուղղեց` Եմէնի մէջ նահանջելու եւ իրենց վերահսկողութեան տակ առած շրջանները լքելու` վստահեցնելով. «Եգիպտոս յանձնառու է Ծոցի ապահովութեան պահպանման համար անոնց (հուսիներուն, «Ա.») դէմ կազմուած դաշնակցութեան»:
Սիսի եգիպտական ոստիկանութեան ու բանակի սպաներուն առջեւ իր արտասանած պատկերասփռուած ճառին մէջ նշեց, որ «Եմէնը, անոր կայունութիւնն ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը հուսիներուն վիզին են», եւ խօսքը հուսիներուն ուղղելով ըսաւ. «Առէ՛ք որոշումը եւ ձեր հայրենիքին սիրոյն նահանջեցէ՛ք»:
«Չենք կրնար Ծոցի մէջ ազգային ապահովութիւնը անտեսել եւ երբեք չենք կրնար չուղղել այն պատգամը, թէ բոլորս պէտք է իրարու շահերը յարգենք», նշեց Եգիպտոսի նախագահը:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն պահանջեց աշխատանք տանիլ Եմէնի դէմ սէուտական ղեկավարութեամբ օդային հարուածները անմիջապէս դադրեցնելու համար:
Ան ԱՌՆԱ լրատու գործակալութեան ըսաւ, որ Եմէնի մէջ զինուորական ուղղուածութիւնը դատապարտուած է ձախողութեան` աւելցնելով, որ Եմէնի մէջ միակ լուծումը օտար միջամտութենէն անկախ եղող ազգային ու քաղաքական երկխօսութիւնն է:
Ապտելլահեան ընդգծեց. «Պատերազմի բոցերուն տարածումը արտօնելը եւ օդային յաւելեալ հարուածներով շրջանի հասարակաց ապահովութեան վտանգումը չենք կրնար արտօնել»:
Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մուրթատա Սարմատի երէկ մեկնեցաւ Օման` տեղւոյն պաշտօնատարներուն հետ քննարկելու համար Եմէնի մէջ արձանագրուող զարգացումներն ու «սէուտական անիրաւ օդային հարուածներ»-ը: Կը նախատեսուի, որ Եմէնի տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու իրանեան ջանքերուն ծիրին մէջ ան Օմանէն ետք այցելէ նաեւ շարք մը այլ երկիրներ:
Միւս կողմէ, Էրիթրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանելով մամլոյ տեղեկութեանց եւ եմէնցի կարգ մը պաշտօնատարներու ամբաստանութեանց յայտնեց, որ Էրիթրիան մասնակից չէ Եմէնի տագնապին, հուսիներու Անսարուլլահ զինեալ խմբաւորման աջակցութիւն չի տրամադրեր եւ Իրանի կողմէ անոնց ուղղուած զէնքի մատակարարումներուն Եմէն մուտքը չի դիւրացներ` շեշտելով, որ իր հողերուն վրայ Իրանի կամ Իսրայէլի ռազմակայաններ գոյութիւն չունին եւ երկիրը Եմէնի ներքին հարցերուն նկատմամբ չէզոք դիրքորոշում ունի:


