«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Արաբական ծոցին մէջ տեղի ունեցած է միջադէպ մը, որ կրնար լուրջ հետեւանքներ ունենալ:
Իրանեան «Ե-12» տիպի կործանիչ մը քիչ մնացած էր, որ բախում ունենար ամերիկեան բանակի «Էմ.Էյչ.-60Առ Սի Հոք» տիպի ուղղաթիռի մը հետ:
Իրանեան կործանիչը երկու անգամ մօտեցած է ամերիկեան ուղղաթիռին, եւ անոնց միջեւ հեռաւորութիւնը 40 մեթրէն նուազ եղած է:
Միջադէպը մտահոգած է Միացեալ Նահանգներու բանակի հրամանատարութիւնը, որովհետեւ անիկա ենթադրած է, որ Իրանի բանակի ղեկավարութիւնը ամբողջութեամբ չի վերահսկեր իր ստորաբաժանումներուն: