Միջազգային

Նախիջեւանի Մէջ Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմափորձեր

Նախիջեւանի Մէջ Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմափորձեր

Նախիջեւանի մէջ սկսած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու միացեալ ռազմափորձերուն նախապատրաստական աշխատանքները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Հրասայլային, զրահապատ մեքենաներու եւ ներթափանցման ստորաբաժանումները պիտի իրականացնեն տարբեր ուսումնամարտական խնդիրներ` հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու եւ օդուժի աջակցութեամբ», նշուած է ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիան Անօդաչու Թռչող Սարքերով  Եւ Հրթիռներով Յարձակում Գործած Է  Օտեսայի Եւ Քիեւի Վրայ

Ռուսիան Անօդաչու Թռչող Սարքերով Եւ Հրթիռներով Յարձակում Գործած Է Օտեսայի Եւ Քիեւի Վրայ

Երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշեր Ռուսիան «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով յարձակած է Ուքրանիոյ, մասնաւորաբար Օտեսայի եւ Քիեւի վրայ: Այս մասին կը յայտնէ «Քորրեսփոնտենթ»-ը: Օտեսայի մէջ վնասուած է ծննդատան շէնքի վարչական մասը, հարուած հասցուած է բնակելի շէնքին. 59 տարեկան տղամարդ մը մահացած է, եւ առնուազն 4 ուրիշներ վիրաւորուած են: Քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող բնակելի շէնքերը լուրջ վնաս կրած են:...

Թրամփ Ազգային Պահակագունդի Յաւելեալ  2000 Զինուոր Պիտի Ուղարկէ Լոս Անճելըս.  Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը  Կը Պատրաստուի Զինք Դատի Տալու

Թրամփ Ազգային Պահակագունդի Յաւելեալ 2000 Զինուոր Պիտի Ուղարկէ Լոս Անճելըս. Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը Կը Պատրաստուի Զինք Դատի Տալու

Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութիւնը որոշած է կրկնապատկել Ազգային պահակագունդի` Լոս Անճելըսի մէջ գաղթականներու նկատմամբ քայլերուն դէմ բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ տեղակայուած զօրքերու թիւը` զայն հասցնելով 4000-ի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ յայտարարած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիուսըմ: Ազգային պահակագունդէն նոր ստորաբաժանումներէն բացի Լոս Անճելըս պիտի ուղարկուին նաեւ Քալիֆորնիոյ «Փենտլթըն» ճամբարէն 700 նաւազներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմը որոշումը հիմնաւորած է «դաշնակցային աշխատակիցներուն...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին. «Պիտի Ստիպուինք Հակադարձել ՕԹԱՆ-ի Թշնամական, Ներառեալ Նոր Անդամներու Ընդունման Քայլերուն»

Քրեմլին յայտնեց. «Ի տարբերութիւն Ուքրանիոյ, մենք յանձնառու ենք գերիներու փոխանակման համաձայնութիւններուն, որոնք գոյացան Պոլսոյ մէջ»: «Տնեփրոփեթրովսք գաւառին մէջ գտնուող ռուսական ուժերը աշխատանք կը տանին արգելակիչ շրջան ստեղծելու», նշեց Քրեմլին: Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախանցեալ օր հաղորդեց, որ ռուսական ուժերու «Տնեփրոփեթրովսքի մարզին մէջ յառաջխաղացումը կը շարունակուի: Ռուսական զօրքերը յաջողած են խորանալ Տնեփրոփեթրովսքի մարզի տարածքին մէջ»: Ռուսիոյ նախագահական պալատը նաեւ շեշտեց....

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Քննարկած Են  Համագործակցութեան Հարցեր

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հարցեր

Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Մասուտ Փեզեշքիան եւ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: «Ռիփորթ», յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահը Ալիեւը շնորհաւորած է Ատհայի տօնին առիթով: Ազրպէյճանի նախագահը իր կարգին շնորհաւորած է Փեզեշքիանը, Իրանի եղբայրական եւ բարեկամ ժողովուրդը Ատհայի տօնին առիթով եւ անոնց բարգաւաճում ու յառաջընթաց մաղթած: «Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծուած է, որ ներկայիս երկու...

Ըստ «Արապիա»-ի.  Սուրիոյ Մէջ Իրանամէտ  Նոր Միլիս Մը Կազմուած Է

Ըստ «Արապիա»-ի. Սուրիոյ Մէջ Իրանամէտ Նոր Միլիս Մը Կազմուած Է

«Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ Իսլամական դիմադրութեան ճակատը անցնող օրերուն յայտարարած է Ուոլիիլ Պաըս անունով նոր խմբաւորման մը կազմութիւնը: Իրանի առնչակից խմբաւորումներու մօտիկ եղող քաղաքական վերլուծաբան Ապպաս Արտաուի «Էքս»-ի վրայ գրած է այս նոր խմբաւորման կազմութեան մասին: «Արապիա»-ի քաղաքական ու անվտանգութեան հարցեր հետազօտող Պասսամ Քազուինի կը յայտնէ, որ հակառակ այս խմբաւորման իրանամէտներու կողմէ կազմութեան եւ անոր զինանշանին Թեհրանին...

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի  Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Պաղայի. «Մօտ Օրէն Պիտի Ներկայացնենք Հիւլէական Համաձայնութեան Վերաբերեալ Առաջարկ Մը, Եւ Ամերիկեան Կողմին Խստօրէն Խորհուրդ Կու Տանք Այս Առիթը Օգտագործելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Մօտ օրէն Օմանի ճամբով պիտի ներկայացնենք Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ առաջարկ մը` անմիջապէս որ անիկա ամբողջանայ»: «Առաջարկը խելամիտ, տրամաբանական եւ հաւասարակշռուած է, եւ մենք ամերիկեան կողմին խստօրէն խորհուրդ կու տանք այս առիթը օգտագործելու», նշեց Պաղայի: Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւր մը աւստրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ գոյութիւն ունին արեւմտեան ջանքեր`...

Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող «Մատլին» Նաւը

Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող «Մատլին» Նաւը

Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերու անդամներ գրաւեցին «Ազատութեան նաւատորմիղ»-ին մաս կազմող «Մատլին» նաւը, որ կ՛ուղղուէր Կազա: Նաւուն վրայ գտնուող գործիչներու շարքին էին բնապահպանութեան հանրածանօթ գործիչ Կրեթթա Թունպերկը, ինչպէս նաեւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Օմար Ֆայնատը: «Ազատութեան նաւատորմիղ»-էն աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ իսրայէլեան 4 զինուորական նաւակներ մօտեցած են նաւուն, ապա իսրայէլացի զինուորներ ներխուժած են նաւ` ձերբակալելով անոր վրայ գտնուողները: Նախքան այդ, իսրայէլեան...

Զելենսքի. «Փութին Կը Փորձէ Խորհրդային  Միութիւնը Վերականգնել»

Զելենսքի. «Փութին Կը Փորձէ Խորհրդային Միութիւնը Վերականգնել»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը ձգտի անկարելիին` Խորհրդային Միութեան վերականգնման: Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք վստա՞հ է, որ ռուսերը չեն ուզեր պատերազմը դադրեցնել, Զելենսքի նշած է. «Որովհետեւ անոնց վրայ ճնշում չեն գործադրեր: Փութին կ՛ուզէ վերադարձնել Խորհրդային Միութեան իշխանութիւնը: Ատիկա անկարելի է, սակայն ես վստահ չեմ, որ կան մարդիկ, որոնք կրնան ատիկա անոր...

Լոս Անճելըսի Մէջ Բախումներ` Ոստիկանութեան  Եւ Գաղթականներու Ձերբակալման Քաղաքականութեան Ընդդիմացող Ցուցարարներու Միջեւ

Լոս Անճելըսի Մէջ Բախումներ` Ոստիկանութեան Եւ Գաղթականներու Ձերբակալման Քաղաքականութեան Ընդդիմացող Ցուցարարներու Միջեւ

Լոս Անճելըսի մէջ անկարգութիւններու 3-րդ օրուան ընթացքին գաղթականներու ձերբակալման քաղաքականութեան ընդդիմացող ցուցարարներ ինքնաշարժներ հրկիզեցին եւ ոստիկանութեան հետ բախումներ ունեցան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանով ուղարկուած ազգային անվտանգութեան ուժեր տեղակայուեցան Լոս Անճելըսի մէջ: Ծագումով հարաւային ամերիկացի մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ գաղթականներու ձերբակալման գործողութիւնները մեծ զայրոյթ յառաջացուցին: Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Կաւըն Նիուսըն յայտարարեց. «Որեւէ խնդիր չունէինք, մինչեւ որ Թրամփ միջամտեց»: «Ասիկա...

Թրամփ. «Իրան Կը Ձգձգէ Շատ Լուրջ Հարցի  Վերաբերեալ Որոշում Տալը. Մեզի Շատ Շուտ  Յստակ Պատասխան Պէտք Է»

Թրամփ. «Իրան Կը Ձգձգէ Շատ Լուրջ Հարցի Վերաբերեալ Որոշում Տալը. Մեզի Շատ Շուտ Յստակ Պատասխան Պէտք Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նոր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ զարգացումները: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թեհրանին կոչ ուղղած է կարելի եղածին չափ շուտ արձագանգելու Ուաշինկթընի այս ոլորտի մէջ ներկայացուցած առաջարկներուն: Սպիտակ տան ղեկավարը «Թրութ Սոշըլ»-ի վրայ մեկնաբանելով Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը գրած է. «Մենք նաեւ քննարկեցինք Իրանի հարցը եւ այն փաստը,...

Միացեալ Նահանգներ Վեթոյի Ենթարկեցին  Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատելու  Եւ Օժանդակութիւններու Անարգել Մուտքի Կոչ Ուղղող  Ապահովական Խորհուրդի Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներ Վեթոյի Ենթարկեցին Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Օժանդակութիւններու Անարգել Մուտքի Կոչ Ուղղող Ապահովական Խորհուրդի Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի ենթարկեցին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէր Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու անարգել մուտքը արտօնելու: Ուաշինկթըն իր այս քայլը արդարացուց նշելով, որ բանաձեւին բովանդակութիւնը կ՛ականահարէ տագնապի լուծման համար թափուող դիւանագիտական ջանքերը: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տորոթի Շէա քուէարկութենէն առաջ նշեց. «Այս որոշումը պիտի ականահարէ զինադադար...

Թեհրան. «Յաւելեալ Փրոթոքոլի Գործադրութիւնը  21 Փետրուարին Պիտի Դադրեցնենք,  Եթէ Մնացեալ Կողմերը Չյարգեն  Իրենց Յանձնառութիւնները»

«Աքիսոս»-ի Համաձայն. Այս Շաբաթավերջին Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Միջեւ Բանակցութիւններու 6-րդ Փուլ Մը Կրնայ Տեղի Ունենալ

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, թէ այս շաբաթավերջին Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ կրնայ բանակցութիւններու 6-րդ փուլ մը տեղի ունենալ: Ամերիկեան կայքը նշեց, որ իրանցի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթընի առաջարկին հիմամբ պատժամիջոցներու ջնջման ժամկէտին եւ ձեւին վերաբերեալ յաւելեալ յստակացման» փափաք յայտնած են: Իրանցի պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, թէ Թեհրան «իւրանիոմի հարստացման շրջանային միութեան վերաբերեալ Ուաշինկթընի հետ...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին. «Փութին Թրամփի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Իսկապէս Ըսած Է, Որ Մոսկուան Պիտի Պատասխանէ Քիեւի Ռուսական Օդուժի Ռազմակայաններուն Վրայ Յարձակումին»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իսկապէս ըսած է, որ Մոսկուան պիտի պատասխանէ Քիեւի կողմէ ռուսական օդուժի ռազմակայաններու վրայ կատարած յարձակումին: Այս մասին լրագրողներուն հաստատած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Այո՛, իսկապէս», պատասխանած է Փեսքով, երբ լրագրողները հարցուցած են, թէ արդեօք իրականութեան մէջ նման յայտարարութիւն կատարուա՞ծ է: Փեսքով նշած է, որ...

Խամենէի. «Բանակցութիւններուն Մէջ Միացեալ  Նահանգներու Բոլոր Առաջարկները 100 Առ Հարիւրով  Կը Հակասեն Իրանի Սկզբունքներուն»

Խամենէի. «Բանակցութիւններուն Մէջ Միացեալ Նահանգներու Բոլոր Առաջարկները 100 Առ Հարիւրով Կը Հակասեն Իրանի Սկզբունքներուն»

Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը կարգաւորելու համար Իրանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած պայմանները կը հակասեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնարար սկզբունքներուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի: «Մեր շահերը պաշտպանող գլխաւոր սկզբունքը «մենք կրնանք» սկզբունքն է: Նոյնիսկ… Օմանի միջնորդութեամբ ընթացող հիւլէական բանակցութիւններու պարագային, Միացեալ Նահանգներու բոլոր...

Հակադարձելով Սուրիայէն 2 Հրթիռներու Արձակման`. Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ Հարաւային Սուրիոյ Վրայ. Քաց Ուղղակի Պատասխանատու Կը Նկատէ Շարհը

Հակադարձելով Սուրիայէն 2 Հրթիռներու Արձակման`. Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ Հարաւային Սուրիոյ Վրայ. Քաց Ուղղակի Պատասխանատու Կը Նկատէ Շարհը

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն օդային յարձակումներ գործեց հարաւային Սուրիոյ վրայ` հակադարձելով բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ երկու հրթիռներու արձակման: Սուրիական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ յարձակումները թիրախաւորած են Տարաայի եւ Քնէյթրայի գիւղական շրջաններուն ու Սահսահի մէջ դիրքեր: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ ռմբաձիգներով յարձակում գործած է «հարաւային Սուրիոյ մէջ սուրիական կառավարութեան պատկանող մարտական միջոցներու վրայ` հակադարձելով իսրայէլեան հողերուն ուղղութեամբ հրթիռարձակման գործողութիւններու»: Իսրայէլեան...

Մինչ Զելենսքին Պոլսոյ Բանակցութիւններու  Ներկայ Մակարդակով Շարունակումը Անօգուտ Կը Նկատէ. Փութին Ուքրանիան Կ՛ամբաստանէ Վերջին Յարձակումներով Պոլսոյ Բանակցութիւնները Ձախողեցնելու Փորձի Յանցանքով

Մինչ Զելենսքին Պոլսոյ Բանակցութիւններու Ներկայ Մակարդակով Շարունակումը Անօգուտ Կը Նկատէ. Փութին Ուքրանիան Կ՛ամբաստանէ Վերջին Յարձակումներով Պոլսոյ Բանակցութիւնները Ձախողեցնելու Փորձի Յանցանքով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պոլսոյ մէջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն շուրջ ժողովի ընթացքին նշեց. «Քիեւի անօրինական վարչակարգը ահաբեկչական կազմակերպութեան կը վերածուի»: «Պոլսոյ բանակցութիւններէն առաջ քաղաքայիններուն դէմ գործուած ոճիրներուն նպատակը այդ բանակցութիւնները ձախողեցնելն էր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուքրանիան մեծ կորուստներ կը կրէ եւ ամբողջ ռազմաճակատի երկայնքին կը նահանջէ, ուստի կը փորձէ ահաբեկչական յարձակումներով զարհուրեցնել Ռուսիան»: «Քիեւի վարչակարգը բացարձակապէս կարիքը չունի խաղաղութեան, որովհետեւ...

Ուաշինկթըն. «Ուքրանիոյ Հարցին Մէջ Ռուպիոյին Եւ Թրամփին Անհրաժեշտ Են  Արդիւնքներ Ու Վերջնաժամկէտներ»

Ուաշինկթըն. «Ուքրանիոյ Հարցին Մէջ Ռուպիոյին Եւ Թրամփին Անհրաժեշտ Են Արդիւնքներ Ու Վերջնաժամկէտներ»

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛ակնկալէ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները երկար ժամանակ չերկարաձգուին: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թեմի Պրուս: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին «անհրաժեշտ են արդիւնքներ եւ ժամկէտներ»: «Ցանկութիւն կայ, որ ասիկա ամիսներ շարունակ չերկարի կամ հանդիպումները չկատարուին միայն հանդիպումներու համար: Ասիկա մէկ տարի պիտի...

50 Տարիէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Սուրիոյ Նախագահը ՄԱԿ-ի Մէջ  Խօսք Պիտի Արտասանէ

50 Տարիէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Սուրիոյ Նախագահը ՄԱԿ-ի Մէջ Խօսք Պիտի Արտասանէ

Սուրիոյ նոր վարչակարգի մօտիկ աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Սուրիոյ անցումային նախագահ Ահմետ Շարհ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին իր երկրին անունով խօսք պիտի արտասանէ: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը: Ասիկա աւելի քան 50 տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Սուրիոյ նախագահը պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն:  

Ֆիտան-Ռուպիօ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Ֆիտան-Ռուպիօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ եւ անոր հետ քննարկած Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներուն: Ֆիտանն ու Ռուպիոն, ըստ լրատուամիջոցին, քննարկած են ռուս-ուքրանական պատերազմը, ներառեալ երկուշաբթի օր Պոլսոյ մէջ երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու արդիւնքները:...

Page 86 of 882 1 … 85 86 87 … 882

Արխիւներ