Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Գրաւեց Կազա Ուղղուող «Մատլին» Նաւը

Յունիս 10, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերու անդամներ գրաւեցին «Ազատութեան նաւատորմիղ»-ին մաս կազմող «Մատլին» նաւը, որ կ՛ուղղուէր Կազա: Նաւուն վրայ գտնուող գործիչներու շարքին էին բնապահպանութեան հանրածանօթ գործիչ Կրեթթա Թունպերկը, ինչպէս նաեւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Օմար Ֆայնատը:

«Ազատութեան նաւատորմիղ»-էն աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ իսրայէլեան 4 զինուորական նաւակներ մօտեցած են նաւուն, ապա իսրայէլացի զինուորներ ներխուժած են նաւ` ձերբակալելով անոր վրայ գտնուողները: Նախքան այդ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը մօտեցած է նաւուն եւ անոր վրայ արձակած ճերմակ հեղուկ նիւթ մը: Կազայի պաշարումը խզելու միջազգային յանձնախումբի փոխնախագահ Եուսեֆ Աժիսա «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ «անծանօթ բնոյթի» քիմիական նիւթով յարձակում գործած է «Մատլին» անձնակազմին վրայ:

Նաւը գրաւուելէ ետք տարուեցաւ Աշտոտի նաւահանգիստ, ուր անոր վրայ գտնուող գործիչները հարցաքննուեցան Աշտոտի նաւահանգիստին մէջ գտնուող իսրայէլեան ծովուժի ռազմակայանին մէջ:

Պաղեստինի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնակատար Ֆրանչեսքա Ալանեզի յայտնեց, որ «Մատլին» նաւը որեւէ վտանգ չի ներկայացներ Իսրայէլի անվտանգութեան, եւ Թել Աւիւ զայն միջազգային ջուրերու մէջ կանգնեցնելու որեւէ իշխանութիւն չունի:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Թունպերկն ու անոր գործընկերները կը փորձէին «սադրանք ստեղծել», եւ խումբին նպատակը «ուշադրութիւն գրաւել»-ն էր:

Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ կան Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու եղանակներ, որոնք «կապուած չեն «Ինսթակրամ»-ի սելֆիներուն հետ»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ գործիչները իրենց երկիրները պիտի արտաքսուին:

«Մատլին» մաս կը կազմէ 2010 թուականին հիմնադրուած «Ազատութեան նաւատորմիղ» դաշինքին, որ կը միաւորէ այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը քննադատեն Կազայի մէջ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող անօրինական շրջափակումը եւ շարունակական ցեղասպանութիւնը:

Նաւը յունիսի սկիզբը Սիկիլիայէն նաւարկած է դէպի Կազա` պաղեստինցիներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու: Նաւուն վրայ եղած են 12 գործիչներ, որոնք մտադիր էին մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Կազա` մանկական սնունդ, ալիւր, բրինձ, շորիկներ եւ ջուրի աղազրկման հաւաքածոներ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլացի զինուորներուն կողմէ «Մատլին» նաւուն գրաւումը եւ յայտարարեց. «Մատլին» նաւուն գրաւումը, որ կատարուած է Իսրայէլի ծովային սահմաններէն դուրս, միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտում է»:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ գրաւուած նաւու անձնակազմին մէջ նաեւ թուրքեր կան:

Նախորդը

Զելենսքի. «Փութին Կը Փորձէ Խորհրդային Միութիւնը Վերականգնել»

Յաջորդը

Պաղայի. «Մօտ Օրէն Պիտի Ներկայացնենք Հիւլէական Համաձայնութեան Վերաբերեալ Առաջարկ Մը, Եւ Ամերիկեան Կողմին Խստօրէն Խորհուրդ Կու Տանք Այս Առիթը Օգտագործելու»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?