Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Զելենսքին Պոլսոյ Բանակցութիւններու Ներկայ Մակարդակով Շարունակումը Անօգուտ Կը Նկատէ. Փութին Ուքրանիան Կ՛ամբաստանէ Վերջին Յարձակումներով Պոլսոյ Բանակցութիւնները Ձախողեցնելու Փորձի Յանցանքով

Յունիս 5, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պոլսոյ մէջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն շուրջ ժողովի ընթացքին նշեց. «Քիեւի անօրինական վարչակարգը ահաբեկչական կազմակերպութեան կը վերածուի»:

«Պոլսոյ բանակցութիւններէն առաջ քաղաքայիններուն դէմ գործուած ոճիրներուն նպատակը այդ բանակցութիւնները ձախողեցնելն էր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուքրանիան մեծ կորուստներ կը կրէ եւ ամբողջ ռազմաճակատի երկայնքին կը նահանջէ, ուստի կը փորձէ ահաբեկչական յարձակումներով զարհուրեցնել Ռուսիան»:

«Քիեւի վարչակարգը բացարձակապէս կարիքը չունի խաղաղութեան, որովհետեւ ատիկա անոր համար իշխանութիւնը կորսնցնել կը նշանակէ», ընդգծեց Ռուսիոյ նախագահը:

«Քիեւ որեւէ ժամանակաւոր զինադադար կրնայ օգտագործել պարտադիր զինուորագրումը շարունակելու, զէնքերով մատակարարուելու եւ ահաբեկչական յարձակումներու պատրաստուելու», ըսաւ Փութին` աւելցնելով. «Քիեւի հովանաւորներն ու ֆինանսաւորողները ահաբեկչութեան մեղսակից են»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին ժողովի ընթացքին ըսաւ. «Ռուսիան Ուքրանիոյ ոճրային սադրանքներուն մէջ չի ներքաշուիր եւ պէտք է բանակցութիւններն ու բոլոր միջոցները օգտագործէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի նպատակներու իրագործման համար»:

Փութին Լաւրովի յայտարարութենէն ետք նշեց. «Համաձայն եմ»:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Պոլսոյ մէջ բանակցութիւնները պատուիրակութիւններու ներկայ կազմով շարունակելը անօգուտ է»:

Ան կոչ ուղղեց Փութինի հետ բանակցութիւններ կատարելու:

«Փոխանակման պատրաստ ենք, սակայն Պոլսոյ մէջ բանակցութիւնները լուծումներ ապահովելու կարողութիւնը չունեցող մակարդակով շարունակելը, իմ կարծիքովս, անօգուտ է», Քիեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց Զելենսքի:

Անդրադառնալով 2 յունիսին Պոլսոյ բանակցութիւններու ընթացքին Ռուսիոյ ներկայացուցած յուշագիրին` Զելենսքի ըսաւ. «Ասիկա վերջնագիր է, եւ ո՛չ ուքրանական կողմը, ո՛չ ալ ոեւէ մէկը զայն լուրջի պիտի չառնէ, որովհետեւ ատոր մէջ վերջնագիր կայ: Այսինքն` այս յուշագիրը թիւրիմացութիւն է»:

Անոր համաձայն, Ուքրանիան իր կազմած յուշագիրը Մոսկուա ուղարկած է երկու լեզուով` ուքրաներէն եւ անգլերէն: Սակայն Քրեմլինէն ստացուած յուշագիրը միայն ռուսերէն եղած է: Զելենսքի յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ Ուքրանիան Ռուսիայէն պատասխան չէ ստացած զինադադարի մասին փաստաթուղթին վերաբերեալ, որ Քիեւը Մոսկուային փոխանցած էր բանակցութիւններէն առաջ:

Ուքրանիոյ նախագահը նշեց, որ ռուսական յուշագիրի առաջին կէտը «վերջնագիր» է, որովհետեւ ռուսերը կը պահանջեն բոլոր բռնագրաւուած տարածքներու միջազգային ճանաչում եւ այդ տեղերէն զօրքերու դուրսբերում:

Զելենսքի նաեւ մեկնաբանեց ռուսական յուշագիրի երկրորդ կէտը` չէզոքութիւնը եւ զինուորական միաւորումներուն, մասնաւորաբար` ՕԹԱՆ-ին չմիանալու պահանջը: Ուքրանիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Ռուսիան 2014-ին յարձակած է Ուքրանիոյ վրայ, երբ Քիեւը ունէր «արտադաշինքային կարգավիճակ»:

«Այսինքն` անոնք սկսած են մեզ գրաւել այն ժամանակ, երբ մենք ունէինք չէզոք կարգավիճակ: Կրկին, այսինքն` այստեղ խօսելու բան չկայ», աւելցուց ան:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի յայտարարեց, որ Ռուսիան պատրաստ է 7-9 յունիս սկսիլ ուքրանական կողմին հետ պատերազմական գերիներու փոխանակումը:

«Մենք կ՛ենթադրենք, որ անոնց թիւը, հաւանաբար, պիտի ըլլայ 1200 հոգի իւրաքանչիւր կողմէ, եւ անիկա կրկին պիտի ըլլայ պատերազմական գերիներու մեծագոյն փոխանակումը: Մենք պատրաստ ենք սկսիլ 7, 8 եւ 9 յունիսին: Մեր կողմէ ամբողջովին անոր պատրաստ ենք», ըսաւ Մետինսքի` Ռուսիոյ նախագահի կառավարութեան անդամներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

Մետինսքի նշեց, որ համարժէքութեան վերջնական ցուցանիշը կը համաձայնեցուի, եւ փոխանակման համար առաջնահերթ դասակարգերը պիտի ըլլան «վիրաւորները, ծանր հիւանդները եւ մինչեւ 25 տարեկան ռազմագերիները»:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Ուքրանիոյ Հարցին Մէջ Ռուպիոյին Եւ Թրամփին Անհրաժեշտ Են Արդիւնքներ Ու Վերջնաժամկէտներ»

Յաջորդը

Հակադարձելով Սուրիայէն 2 Հրթիռներու Արձակման`. Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ Հարաւային Սուրիոյ Վրայ. Քաց Ուղղակի Պատասխանատու Կը Նկատէ Շարհը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?