Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոս Անճելըսի Մէջ Բախումներ` Ոստիկանութեան Եւ Գաղթականներու Ձերբակալման Քաղաքականութեան Ընդդիմացող Ցուցարարներու Միջեւ

Յունիս 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոս Անճելըսի մէջ անկարգութիւններու 3-րդ օրուան ընթացքին գաղթականներու ձերբակալման քաղաքականութեան ընդդիմացող ցուցարարներ ինքնաշարժներ հրկիզեցին եւ ոստիկանութեան հետ բախումներ ունեցան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանով ուղարկուած ազգային անվտանգութեան ուժեր տեղակայուեցան Լոս Անճելըսի մէջ: Ծագումով հարաւային ամերիկացի մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ գաղթականներու ձերբակալման գործողութիւնները մեծ զայրոյթ յառաջացուցին:

Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Կաւըն Նիուսըն յայտարարեց. «Որեւէ խնդիր չունէինք, մինչեւ որ Թրամփ միջամտեց»:

«Ասիկա նահանգի գերիշխանութեան վտանգաւոր ոտնահարում մըն է, որ լարուածութիւն կը հրահրէ, մինչ ներուժներ կը հեռացուին այն վայրերէն, ուր անոնց կարիքը կայ: Հրամանը չեղեալ յայտարարեցէք: Քալիֆորնիոյ վրայ վերահսկողութիւնը վերականգնեցէ՛ք», աւելցուց կառավարիչը:

Թրամփ նշեց. «Եթէ Քալիֆորնիոյ մէջ օրէնքը չկիրարկուի, հարցին հետ մենք պիտի վարուինք: Քալիֆորնիոյ մէջ շատ բռնութիւն կայ, եւ անոր կառավարիչը անատակ է»:

«Պէտք եղածը պիտի ընենք, եւ մեր կարիք ունեցած ամէն ինչ պիտի ուղարկենք Լոս Անճելըսի մէջ կարգ ու կանոնի վերականգնումը երաշխաւորելու համար: Այն, ինչ որ Լոս Անճելըսի մէջ կը տեսնենք, մեծաթիւ բռնարարքներու եւ նահանգի անատակ նահանգապետի գոյութիւնն է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Գարշելի է, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետը անկարգութիւններ կատարողներն ու ոճրագործ գաղթականները պաշտպանէ ի վնաս ամերիկացիներուն: Թրամփ եւ նախարար Քրիսթին Լոս Անճելըսի մէջ կարգ ու կանոնը պիտի վերահաստատեն, եթէ անոր ղեկավարները ատիկա չընեն»:

Ամերիկեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Քալիֆորնիոյ ազգային պահակագունդն ու ներքին գործոց նախարարութիւնը կը պաշտպանեն Լոս Անճելըսի կալուածներն ու պաշտօնեաները»:

 

Նախորդը

Նշմար. Երբ Աշխատանքը Կ՛արդիւնաւորուի…

Յաջորդը

Զելենսքի. «Փութին Կը Փորձէ Խորհրդային Միութիւնը Վերականգնել»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?