Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Մասուտ Փեզեշքիան եւ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: «Ռիփորթ», յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահը Ալիեւը շնորհաւորած է Ատհայի տօնին առիթով: Ազրպէյճանի նախագահը իր կարգին շնորհաւորած է Փեզեշքիանը, Իրանի եղբայրական եւ բարեկամ ժողովուրդը Ատհայի տօնին առիթով եւ անոնց բարգաւաճում ու յառաջընթաց մաղթած:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծուած է, որ ներկայիս երկու երկիրներու համապատասխան պետական մարմինները կը շարունակեն ջանքեր գործադրել Մասուտ Փեզեշքիանի Ազրպէյճան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ճշդուած խնդիրները կատարելու համար: Այցելութեան հիմամբ նշուած է Պաքու-Թաւրիզ թռիչքի վերականգնումը եւ Պաքու-Թեհրան թռիչքներու թիւի յաւելումը, վստահութիւն յայտնուած է, որ ատիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութիւններու աշխուժացման վրայ:
«Ընդգծուած է, որ ազրպէյճանական-իրանեան յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շրջադարձային կէտ հասած է, եւ յոյս յայտնուած է, որ միացեալ ջանքերու շնորհիւ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով պիտի զարգանան», կը մէջբերէ լրատուամիջոցը:


