Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն օդային յարձակումներ գործեց հարաւային Սուրիոյ վրայ` հակադարձելով բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ երկու հրթիռներու արձակման:
Սուրիական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ յարձակումները թիրախաւորած են Տարաայի եւ Քնէյթրայի գիւղական շրջաններուն ու Սահսահի մէջ դիրքեր:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ ռմբաձիգներով յարձակում գործած է «հարաւային Սուրիոյ մէջ սուրիական կառավարութեան պատկանող մարտական միջոցներու վրայ` հակադարձելով իսրայէլեան հողերուն ուղղութեամբ հրթիռարձակման գործողութիւններու»:
Իսրայէլեան բանակին համաձայն, երեքշաբթի գիշեր ժամը 9:36-ին Սուրիայէն արձակուած են երկու հրթիռներ, որոնք ինկած են չբնակուած շրջաններու մէջ: Քանի մը վայրկեան ետք, իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակը Սուրիոյ վրայ յարձակում շղթայազերծած է` հակադարձելով հրթիռներու արձակման:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հրթիռները արձակուած են Թասիլ շրջանէն, ուր իսրայէլեան բանակը վերջին շրջանին շարք մը գործողութիւններ կատարած է:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահը ուղղակի կերպով պատասխանատու կը նկատենք Իսրայէլի դէմ որեւէ սպառնալիքի կամ ռմբակոծման»: Ան աւելցուց. «Շուտով համապարփակ հակադարձութիւն տեղի պիտի ունենայ»:
Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց. «Սուրիական վարչակարգը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողին համար պատասխանատու է եւ անոր հետեւանքները պիտի կրէ, այնքան ատեն որ իր հողերուն վրայ թշնամական գործողութիւնները կը շարունակուին»:
Բանակը շեշտեց, որ Իսրայէլի պետութեան դէմ ուղղուած որեւէ սպառնալիքի դէմ գործի պիտի լծուի:
Ինքզինք Մոհամետ Տէյֆի փաղանգներ կոչող խմբաւորում մը Թելեկրամի վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ստանձնեց «Կրատ» տիպի երկու հրթիռներով «Բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ տեղակայուած իսրայէլեան ուժերու ռմբակոծումը»:
Նշեալ խմբաւորումը 31 մայիս 2025-ին Թելեկրամի վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իր կազմութիւնը յայտարարած էր:
Մոհամետ Տէյֆի փաղանգներէն ղեկավար մը աւելի ուշ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց. «Իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ մեր գործողութիւնները Կազայի մէջ ջարդերուն հակադարձութիւն են»:
«Մեր գործողութիւնները պիտի չդադրին, մինչեւ որ Կազայի մէջ ճնշուածներուն ռմբակոծումը դադրի», նշեց ան:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Գոյութիւն ունին շարք մը կողմեր, որոնք կրնան շրջանին մէջ կայունութեան քայքայման ձգտիլ` իրագործելու համար իրենց սեփական շահերը»:
«Սուրիան շրջանին մէջ որեւէ կողմի սպառնալիք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ, եւ սուրիական հարաւին մէջ գերակայ առաջնահերթութիւնը պետութեան իշխանութեան հաստատումն է եւ պետական հաստատութիւններու ծիրէն դուրս եղող զէնքի գոյութեան վերջ տալը, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ բոլոր քաղաքացիներուն համար անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովումը», իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց նախարարութիւնը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ բուռն կերպով դատապարտեց Տարաա նահանգին մէջ գիւղերը եւ գիւղաքաղաքները թիրախաւորող իսրայէլեան ռմբակոծումը` զայն նկատելով Սուրիոյ գերիշխանութեան բացայայտ խախտում մը, «ինչ որ շրջանին մէջ լարուած կացութիւնը կը վատթարացնէ»:
Նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «տէր կանգնելու այս յարձակումները դադրեցնելու իր պարտաւորութիւններուն եւ աջակցելու անվտանգութեան ու կայունութեան վերականգնման ջանքերուն»: