Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Ազգային Պահակագունդի Յաւելեալ 2000 Զինուոր Պիտի Ուղարկէ Լոս Անճելըս. Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը Կը Պատրաստուի Զինք Դատի Տալու

June 11, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութիւնը որոշած է կրկնապատկել Ազգային պահակագունդի` Լոս Անճելըսի մէջ գաղթականներու նկատմամբ քայլերուն դէմ բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ տեղակայուած զօրքերու թիւը` զայն հասցնելով 4000-ի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ յայտարարած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիուսըմ:

Ազգային պահակագունդէն նոր ստորաբաժանումներէն բացի Լոս Անճելըս պիտի ուղարկուին նաեւ Քալիֆորնիոյ «Փենտլթըն» ճամբարէն 700 նաւազներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմը որոշումը հիմնաւորած է «դաշնակցային աշխատակիցներուն եւ շէնքերուն սպառնացող սպառնալիքներու աճով», կը գրէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, մեկնաբանելով Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերը, անկարգութիւններ ստեղծելու համար մեղադրած է «արհեստավարժ խռովարարներն ու անկարգութիւններու կազմակերպիչները»:

Ան սպառնացած է Քալիֆորնիա ուղարկել յաւելեալ դաշնակցային իրաւապահ մարմիններ: Իսկ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ ան սպառնացած է բռնութիւն կիրարկել այն ցուցարարներուն դէմ, որոնք «անարգանք» կը ցուցաբերեն իր ուղարկած զինուորներուն նկատմամբ:

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ, դեմոկրատական Կեւըն Նիուսըմ Լոս Անճելըսի մէջ բողոքի ցոյցերը ճնշելու համար նաւազները օգտագործելու Թրամփի որոշումը որակած է «հակաամերիկեան»: Նիուսըմ ըսած է, որ նման ստորաբաժանումները պէտք է պայքարին արտաքին սպառնալիքներու դէմ, եւ ոչ թէ` ներքին:

«Զանոնք պէտք չէ ուղարկեն ամերիկեան հող` մեր սեփական քաղաքացիներուն դէմ կռուելու եւ բռնապետ նախագահի խելահեղ ցնորքը իրականացնելու համար», ըսած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետը:

Նիուսըմ միեւնոյն ժամանակ խոստացած է Թրամփի դէմ դատական հայց յարուցել:

Ամերիկեան օրէնքներուն համաձայն, դաշնակցային վերահսկողութեան տակ գտնուող ապահովական ուժերը անկարգութիւններու դէմ կամ արտակարգ կացութեան դէմ պայքարին կրնան մասնակցիլ այն ժամանակ միայն, երբ նահանգային իշխանութիւնները իրենք համապատասխան դիմումը ներկայացնեն Ուաշինկթընին: Մինչդեռ Թրամփ այդ մէկը կատարած է իր կամքով:

Ցուցարարները կը բողոքեն Թրամփի ներգաղթի խիստ քաղաքականութեան, մասնաւորաբար ներգաղթեալներու արտաքսման դէմ:

 

 

 

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Պիտի Ստիպուինք Հակադարձել ՕԹԱՆ-ի Թշնամական, Ներառեալ Նոր Անդամներու Ընդունման Քայլերուն»

Յաջորդը

Ռուսիան Անօդաչու Թռչող Սարքերով Եւ Հրթիռներով Յարձակում Գործած Է Օտեսայի Եւ Քիեւի Վրայ

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.