Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ եւ անոր հետ քննարկած Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներուն:
Ֆիտանն ու Ռուպիոն, ըստ լրատուամիջոցին, քննարկած են ռուս-ուքրանական պատերազմը, ներառեալ երկուշաբթի օր Պոլսոյ մէջ երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու արդիւնքները:
Աղբիւրները յայտնած են, թէ անոնք նաեւ միտքեր փոխանակած են Սուրիոյ եւ Կազայի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ:
Երկուշաբթի, 2 յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած էին ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ Ռուսիան մերժած է ընդունիլ առանց նախապայմաններու զինադադար հաստատելու Ուքրանիոյ առաջարկը: Փոխարէնը առաջարկած է ռազմաճակատի քանի մը հատուածներու մէջ կրակոցը 2-3 օրով դադրեցնել` սպաննուածներու դիակները դուրս բերելու համար:
Ուքրանիոյ նախագահը ռուսական պատուիրակութիւնը «ապուշ» կոչած է, ապա Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած նոր պատժամիջոցներ հաստատելու, որպէսզի Ռուսիոյ ստիպէ զինադադարին համաձայնիլ: