Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Ուքրանիոյ Հարցին Մէջ Ռուպիոյին Եւ Թրամփին Անհրաժեշտ Են Արդիւնքներ Ու Վերջնաժամկէտներ»

Յունիս 5, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛ակնկալէ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները երկար ժամանակ չերկարաձգուին: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թեմի Պրուս:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին «անհրաժեշտ են արդիւնքներ եւ ժամկէտներ»:

«Ցանկութիւն կայ, որ ասիկա ամիսներ շարունակ չերկարի կամ հանդիպումները չկատարուին միայն հանդիպումներու համար: Ասիկա մէկ տարի պիտի չտեւէ», ըսած է Պրուս:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ եթէ բանակցութիւններուն մէջ կարելի ըլլայ յառաջընթացի հասնիլ, «ապա ամէն ինչ յառաջ կը շարժի, եւ կացութիւնը կրնայ իսկապէս փոխուիլ»:

Նախքան այդ, «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ը, յղում կատարելով աղբիւրներուն, հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հիասթափուած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու ընթացքէն եւ վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի կը հեռանայ տագնապի նիւթէն: Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանի զրուցակիցներու համաձայն, Ռուսիոյ կողմէ կարգաւորման վերաբերեալ յուշագիրին մէջ ներառուած են «անիրագործելի» կէտեր:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկա քննադատեց երկուշաբթի օր Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մէջ ռուսական պատուիրակութեան ներկայացուցած խաղաղութեան յուշագիրը:

«Փոխանակ Պոլսոյ մէջ մեր շինիչ առաջարկներուն պատասխանելու, ռուսական կողմը ներկայացուց նախապէս ծանօթ զգուշացումներու շարք մը, որ չի նպաստեր կացութեան դէպի իսկական խաղաղութիւն յառաջ ընթանալուն», նշեց ուքրանական դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

50 Տարիէ Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Սուրիոյ Նախագահը ՄԱԿ-ի Մէջ Խօսք Պիտի Արտասանէ

Յաջորդը

Մինչ Զելենսքին Պոլսոյ Բանակցութիւններու Ներկայ Մակարդակով Շարունակումը Անօգուտ Կը Նկատէ. Փութին Ուքրանիան Կ՛ամբաստանէ Վերջին Յարձակումներով Պոլսոյ Բանակցութիւնները Ձախողեցնելու Փորձի Յանցանքով

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?