Սուրիոյ նոր վարչակարգի մօտիկ աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Սուրիոյ անցումային նախագահ Ահմետ Շարհ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին իր երկրին անունով խօսք պիտի արտասանէ: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը:
Ասիկա աւելի քան 50 տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Սուրիոյ նախագահը պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն:


