Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իսկապէս ըսած է, որ Մոսկուան պիտի պատասխանէ Քիեւի կողմէ ռուսական օդուժի ռազմակայաններու վրայ կատարած յարձակումին: Այս մասին լրագրողներուն հաստատած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Այո՛, իսկապէս», պատասխանած է Փեսքով, երբ լրագրողները հարցուցած են, թէ արդեօք իրականութեան մէջ նման յայտարարութիւն կատարուա՞ծ է:
Փեսքով նշած է, որ պատասխանը պիտի ըլլայ այն ատեն, երբ ռուս զինուորականները ատիկա նպատակայարմար նկատեն:
Յիշեցնենք, որ 1 յունիսին ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը միաժամանակ յարձակած էին Ռուսիոյ տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող զինուորական դիրքերու վրայ: Զինուորականներու կամ քաղաքացիներու շրջանակին մէջ զոհեր չեն արձանագրուած:


