Միջազգային Կարճ Լուրեր
Սայէպ Օրէյքաթ - ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ազատագրութեան կազմակերպութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Սայէպ Օրէյքաթ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական շարք մը հարցեր, մասնաւորաբար 1967-ի պաղեստինեան հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու վերաբերեալ որոշումի մը որդեգրման համար ՄԱԿ-ին դիմելու հարցը: - ԻՐԱՆԵԱՆ տնտեսական կայք մը յայտարարեց,...


















