Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ Յայտարարեց Թուրքիոյ Հետ Միակողմանի Զինադադարի Աւարտը

Յուլիս 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-26-15_Turkey

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարեց, որ թրքական օդուժի ռմբաձիգներուն կողմէ հիւսիսային Իրաքի մէջ կուսակցութեան դիրքերուն դէմ կատարուած օդային հարուածներէն ետք, ՔԱԿ-ի կողմէ յայտարարուած միակողմանի զինադադարը «կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը»:

«Բռնագրաւող թրքական բանակի աշխուժ օդային հարուածներէն ետք, այժմ զինադադարը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի», յայտարարած է կուսակցութիւնը:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ թրքական ուժերը շաբաթ օր սկսած են Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերու դէմ օդային եւ ցամաքային յարձակումներու երրորդ ալիքին` աւելցնելով, որ «ոչ ոք պէտք է կասկածի մեր վճռականութեան հարցին մէջ: Մենք չենք արտօներ Թուրքիան անօրէն երկիր դարձնել», ըսած է ան:

Թուրքիան շաբաթ կանուխ առաւօտուն շղթայազերծած է օդային հարուածներու երկրորդ ալիքը, որուն նպատակը եղած է «ահաբեկչական սպառնալիքները վերացնել»` այս անգամ հարուածելով ոչ միայն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի, այլ նաեւ` հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերը: Թուրքիոյ ցամաքային ուժերը նաեւ հրետանիով ռմբակոծած են դիրքերը:

Տաւութօղլու յայտնեց նաեւ, որ շաբաթ օր խօսած է հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիի հետ` բացատրելով ՔԱԿ-ի դէմ յարձակումները, եւ վերջինս իր «համերաշխութիւնը» յայտնած է:

Տաւութօղլու նաեւ նշեց, որ կուսակցութիւններու բոլոր նախագահներուն կոչ ուղղած է ահաբեկչութեան դէմ համաձայնագիր մը ստորագրելու:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, որ այժմ կը գտնուի արձակուրդի մէջ, 29 յուլիսին սկիզբ պիտի առնէ արտակարգ նստաշրջանը եւ պիտի քննարկուի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան առաջարկը` կազմելու յատուկ քննիչ յանձնախումբ մը, որ պիտի ուսումնասիրէ Սուրուճի մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ 32 զոհ:

Խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան հրաւիրելու առաջարկը նախապէս ներկայացուցած էին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը:

Տաւութօղլու երէկ ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւններու հարցը քննարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Վերջինս իր աջակցութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ` ընդդէմ ահաբեկչութեան:

Արեւմտեան աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ թրքական կեցուածքի շրջադարձը երկու օր ետք Քեպեքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ նախատեսուած միջազգային դաշինքի ժողովին առանցքային նիւթը պիտի ըլլայ:

Մինչ այդ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Պոլսոյ մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ վիրաւորներ պատճառած են: Թրքական ապահովական մարմինները Պոլսոյ մէջ ձերբակալած են ՔԱԿ-ի վեց անդամներ` ստանալէ ետք տեղեկութիւններ, թէ անոնք ահաբեկչական գործողութեան մը կը պատրաստուին:

Ապահովական ուժերը Ատանայի մէջ 102 անձեր ձերբակալեցին` «ապօրինի ցոյցերու» մասնակցութեան յանցանքով եւ հրավառ նիւթեր ու պայթուցիկներ օգտագործելով ապահովական մարմիններու դիմադրելնուն համար:

Թուրքիոյ մէջ հակաահաբեկչական գործողութեան ծիրին մէջ մինչեւ օրս ձերբակալուածներու թիւը հասած է աւելի քան 600-ի:

Միւս կողմէ, Բիւրակնի մէջ երկու թուրք զինուորներ սպաննուեցան, երբ քրտական Արիքլի գիւղին մօտ թրքական բանակի շարասիւնի մը դէմ ական մը պայթեցաւ:

Չաւուշօղլու. «Սուրիոյ Մէջ Առանց Ասատի
Քաղաքական Լուծում Մը Կ՛ուզենք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ «շուրջ երկու հազար մարդ ձերբակալեցինք ՏԱՀԵՇ-ի անդամակցութեան յանցանքով»` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը պատերազմի ահաբեկչութեան դէմ եւ զայն պիտի հարուածէ իր ամբողջ ուժով, մինչեւ պարտութեան մատնէ զայն:

«Թուրքիա Սուրիոյ մէջ առանց Պաշշար Ասատի քաղաքական լուծում մը կ՛ուզէ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը: «Ասատի վարչակարգը ՏԱՀԵՇ-ի այսպիսի վերելքին գլխաւոր պատասխանատուն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր երկիրը կ՛ուզէ «ապահով գօտի մը, ուր սուրիացիները կրնան ապաստանիլ առանց վախի»:

Նախորդը

«Իրան Միասնականութեամբ Եւ Յարատեւութեամբ Ամբողջ Շրջանը Պիտի Ձերբազատէ Ահաբեկիչներէն» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել,  Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը  Զինադադարի Չհամաձայնի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել, Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը Զինադադարի Չհամաձայնի»

Մայիս 13, 2025
Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին`  Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան  Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն. «Ռուպիոյի Առաջնահերթութիւնը Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Կռիւին Վերջ Տալն ու Հնդկաստանի Եւ Փաքիստանի Միջեւ Կայունութեան Ամրապնդումն Է»

Մայիս 13, 2025
Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը  Իր Ինքնալուծարումը Կը Յայտարարէ.  Թուրքիա Կ՛ողջունէ
Գլխաւոր լուրեր

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Իր Ինքնալուծարումը Կը Յայտարարէ. Թուրքիա Կ՛ողջունէ

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?