Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Քննարկուի «Միացեալ Կիպրոսի Դաշնակցութիւն»-ը» Կ՛ըսէ Աքընճը

Յուլիս 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անասթասիաս եւ Աքընճը
Անասթասիաս եւ Աքընճը

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի բռնագրաւեալ հատուածի նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը կը յայտնէ, որ յոյն կիպրացիներուն հետ կղզիի վերամիաւորման վերստին ընթացք առած բանակցութիւններուն օրակարգին վրայ է «Միացեալ Կիպրոսի դաշնակցութիւն» մը:

Ան Թուրքիոյ Կիպրոս ներխուժման 41-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, որ բացի ներկայ երաշխաւոր համակարգէն, բոլոր հարցերը սեղանի վրայ են:

2004-ին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անան «Անանի ծրագիր»-ին մէջ միացեալ Կիպրոսի ծրագիրը կոչած էր «Կիպրոսի միացեալ դաշնակցային հանրապետութիւն»:

Աքընճը յայտնած է, որ եթէ բանակցութիւնները ներկայ թափով շարունակուին, քանի մը ամիսէն Կիպրոսի երկարատեւ հարցին կրնայ լուծում մը գտնուիլ:

Անդրադառնալով կազմուելիք պետութեան հաւանական կառոյցին` ան ըսաւ, որ կղզիին վրայ եւ այլուր յոյներուն եւ թուրքերուն յատկացուելիք տարածքներուն համեմատութեան քննարկումը յետաձգուած է բանակցութեանց աւելի ուշ հանգրուաններու: Քննարկումէն դուրս ձգուած են նաեւ Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Բրիտանիոյ երաշխաւորի կարգավիճակներուն հարցերը:

Ըստ ծրագիրին, պիտի հիմնուին թրքական եւ յունական պետութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ քաղաքացիութեան սեփական համակարգը: Նոր պետութիւնը պիտի ունենայ վերին եւ վարին պալատներ, իսկ թուրք եւ յոյն կիպրացիները իրաւունք պիտի ունենան կղզիին վրայ որեւէ մէկ վայր բնակութիւն հաստատելու: Դաշնակցային պետութեան յունական կողմը բնակող թուրքերը եւ թրքական կողմը բնակող յոյները իրաւունք պիտի ունենան իրենց բնակած վայրին պետական եւ տեղական ընտրութիւններուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանական ընտրութեան մասնակցելու, սակայն իրաւունք պիտի չունենան հակառակ կողմին պետութեան ընտրութիւններուն մասնակցելու` նկատի ունենալով թուրք եւ կիպրացի բնակչութեան թիւերու տարբերութիւնը:

Աքընճը կը նշէ, որ այդ սահմանափակումը, որուն նպատակը հաւասարութիւնը երաշխաւորելն է, կը հակասէ Եւրոպական Միութեան ներկայ արժեչափերուն, ուստի պէտք է վաւերացուի միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի ապագային սահմանադրական ճգնաժամ չստեղծուի:

Առաջարկուած դաշնակցային պետութեան ոստիկանական ուժերուն 40 առ հարիւրը պիտի ըլլան թուրքեր եւ 60 առ հարիւրը յոյներ կամ 50-50 համեմատութեամբ, սակայն Աքընճը շեշտեց, որ ճշգրիտ համեմատութիւնը տակաւին չէ ճշդուած:

 

Նախորդը

Սպիտակ Տունը Կը Յայտարարէ. «Կուանթանամոյի Բանտը Փակելու Ծրագիրը Կը Գտնուի Վերջին Հանգրուանին Մէջ»

Յաջորդը

Օպամա Եւ Էրտողան Քննարկած Են Թուրքիա-Սուրիա Սահմանի Անվտանգութիւնը Ապահովելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?