Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Յուլիս 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սայէպ Օրէյքաթ
Սայէպ Օրէյքաթ

– ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ազատագրութեան կազմակերպութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Սայէպ Օրէյքաթ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական շարք մը հարցեր, մասնաւորաբար 1967-ի պաղեստինեան հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու վերաբերեալ որոշումի մը որդեգրման համար ՄԱԿ-ին դիմելու հարցը:

– ԻՐԱՆԵԱՆ տնտեսական կայք մը յայտարարեց, որ սկսած է գործել Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած եւ «Ամերիկեւիրանեան առեւտրական գրասենեակ» կոչուող կայք մը, որ սկսած է գործել Քոնկրեսին կողմէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու ջնջումի հոլովոյթէն առաջ: Իրանեան կայքը նշեց, որ Իրանի մէջ նշեալ գրասենեակին վերաբերեալ պաշտօնական լուրեր չկան, իսկ Ամերիկեւիրանեան առեւտրական գրասենեակի ներկայացուցիչները բաւարարուած են հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որ գործարարներն ու ներդրողները կը քաջալերէ մուտք գործելու իրանեան շուկայ: Իրանեան կայքը նշեց, որ ուաշինկթընեան այդ կայքին նպատակը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները դիւրացնելն է:

– ԱԼԱՍՔԱՅԻ ափերուն մօտ արձանագրուեցաւ 6,9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը: Միացեալ Նահանգներու Երկրաբանական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ ցնցումին կեդրոնը գտնուած է Նիքոլսքիէն 103 քիլոմեթր դէպի հարաւ եւ 10 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

– ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ մէջ ողողումներու եւ անոնց առնչուած արկածներու պատճառով արձանագրուեցաւ 50 զոհ եւ 21 վիրաւոր: Երկրին Արտակարգ իրավիճակներու ազգային վարչութեան տուեալներով, 27 յուլիսի դրութեամբ աղէտին հետեւանքներէն վնասուած է աւելի քան 258 հազար մարդ: 12 օր առաջ շրջանին մէջ սկսած ողողումներուն պատճառով ջուրով ծածկուած է աւելի քան 450 գիւղ եւ աւերուած է 1,6 հազարէն աւելի տուն: Ամէնէն շատ վնասուած նահանգներն են Փունճապը, Խայպեր Ճանտունխուան եւ Պելուչիստանը:

– ՔՐՏԱԿԱՆ ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ բուռն մարտերէ ետք գրաւած են Արաբ Բունարի հարաւը գտնուող Սրին գիւղը:

– ԳԱՄԻՇԼԻԻ քոռնիշ փողոցին մէջ ականուած մոթորսիքլեթով անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուցած է քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալները:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Նորաստեղծ Կարմիր Գիծերը

Յաջորդը

«ՏԱՀԵՇ Քարիւղի Վաճառքէն Ամսական 40 Միլիոն Տոլար Կը Ստանայ» Կ՛ըսէ Կլէյզըր

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?