Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտարարեց. «Ամերիկեան վարչակարգը Կուանթանամոյի բանտը պատասխանատու եւ անվտանգ կերպով փակելու եւ զայն Քոնկրեսին ներկայացնելու ծրագիրին վերջին հանգրուաններուն մէջ կը գտնուի»:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի համար այդ հարցը առաջնահերթութիւն մըն է:
Օպամա յունուար 2009-ին Սպիտակ տուն հասնելէ ետք խոստացած էր Կուանթանամոյի ռազմակայանը փակել: